Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռոմէնա հասարակութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռոմէնա հասարակութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Քրիստոնեան լոյս բռնութեան, պատերազմին մթութեան մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ իր արտասանած պատգամին մէջ խօսեցաւ երեք փորձարութիւններու մասին, որոնք կը բնորոշեն «Ռոմէնա Եղբարութիւն» հասարակութիւնը։ Հիւրընկալութիւն, հոգատարութիւն եւ եղբայրութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ռոմէնա Եղբայրութիւն» հասարակութեան աւելի քան 500 անդամները։

«Դուք կը ներկայացնէք գեղեցկութեան, պարզութեան եւ ունկնդրութեան վայր մը, որ կ՝օգնէ կարիքաւոր բազմաթիւ ճանապարհորդներուն եւ ուխտաւորներուն կանգ առնելու եւ կիսելու իրենց սիրտին մէջ կրած տառապանքները» ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով, « որ այս հնագոյն հռոմէական գիւղի եկեղեցին միջին դարերէն համարուած է ուխտաւորներու համար հանգստեան վայր, ուր կ՝անգ կառնէ անձ մը հոն գիշերելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք փորձառութիւններու վրայ՝ Հիւրընկալութիւն, հոգատարութիւն եւ եղբայրութիւն։

Հիւրընկալութիւն

«Հռոմէական գիւղի եկեղեցին վայր  մըն է ուր ոեւէ անձ ինքզինք իր տունը կը զգայ, իւրաքանչիւր անձ հոն կը հասնի մարմնի եւ հոգիին մէջ հանգստանալու նպատակով եւ շնչելու աւետարանի բոյրը», ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով հասարակութեան անդամները երբեք չկորսնցնելու այդ հոգին եւ միշտ աշխատիլ մշակելու համար բացութեան եւ հիւրընկալութեան հոգին, շարունակելու համար ազատութեան ովասիս դառնալ, որ Աստուծոյ անվճար եւ անսահման սէրը կը յայտնէ իւրաքանչիւր արարածին», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Հոգատարութիւն

«Այս բառը մեծի անյապաղ մտածել կու տայ Յիսուսի կարեկցութեան մասին... Աստուծոյ Որդին գործադրեց եւ մարմնաւորեց Հօր այդ քնքշութիւնը, որ հոգ կը տանի մեզի, յատուկէն մեր մարմնի եւ հոգիին վէրքերուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Հռոմէական գիղի եկեղեցին հիմնուեցաւ սովի եւ ճգնաժամի ժամանակ, որպէսզի հոգ տանի վիրաւորուածին, տառապանքի մէջ գտնուող անձին, ինչպէս նաեւ վառելու փոքրիկ լոյսեր հոն ուր կարծես ամէն ինչ կորսուած կը նկատուի

Եղբայրութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Եղբայրութիւնը Ռոմէնա հասարակութեան կեանքի ոճն է ինչպէս նաեւ մարգարէութիւնը՝ յառաջ տանելու համար եղբայրական եւ զօրակցական աշխարհի մը երազը, դառնալու համար խաղաղութեան եւ ընկերային բարեկամութեան մշակողներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ ներկայ աշխարհը բնորոշուած է բռնութիւններով եւ պատերազմներով ու կարիքը ունի այս եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան, խնդրելով հասարակութեան անդամներէն շարունակելու կիրակել եղբայրութեան հիւրընկալութիւնը, եւ ընծայելու տեղ մը ուր անձերը կրնան հանգստացնել իրենց գլուխը եւ ուր կրնան սիրուած զգալ Աստուծմէ ինչպէս նաեւ անդամ ընդհանրական եղբայրութեան, որուն բացումը կատարեց Հայրը Յիսուսի մէջ եւ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ կառուցել Իր եւ Սուրբ հոգիին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց մաղթելով բոլորին որ իրականացնեն իրենց երազը ու հայցելով Տիրամօր հովանին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ապա խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2023, 10:52