Որոնել

Bambino-Gesu-Super-Eroi-5.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ Ինտի Կրէկորիի ու անոր ծնողաց համար

Քահանայապետին մտածումը հազուագիւտ դիւանդութենէն տառապող անգիլացի փոքրիկին որուն պիտի անջատեն զինք կենդանի պահող կենսաապահովական գործիքները

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Ֆրանչիսկոս Պապը կը միանայ փոքրիկն Ինտի Կրէկորիի ընտանիքին, անոր հօր եւ մօր, կ՛ աղօթէ անոնց եւ անոր համար և իր միտքը կը յղէ բոլոր այն երեխաներուն, որոնք այս նոյն պահուն ողջ աշխարհի մէջ կ՛ապրին ցաւով կամ վտանգուած է անոնց կեանքը, հիւանդութեան և պատերազմի պատճառաւ»: Այս մասին յայտնած է Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Ինտի Կրէկորին ութ ամսեայ անգլիացի փոքրիկ աղջիկ մըն է, որ կը տառապի միտոքոնդրիալ հազուագիւտ հիւանդութենէ եւ զոր բժիշկները կը համարեն անբուժելի, եւ որուն Լոնտոնի Գերագոյն Ատեանը վերջերս մերժեց Իտալիա տեղափոխելու հնարաւորութիւնը, բուժում ստանալու համար, մասնաւորապէս, «Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցին մէջ, որ հետեւելով ծնողներու ցանկութեան, տրամադրութիւն յայտնած էր այդ ուղղութեամբ։

Անգլիացի դատաւորներու Ինտիի ծնողաց ներկայացուցած բողոքի մերժումէն ետքը փոքրիկն Ինտին պիտի զրկուի ՆոթինկհամիQueen’s Medical Centre բժշկական կենտրոնի կենդանի պահող կենսաապահովական գործիքներէն եւ պիտի տեղափոխուի անբուժելի հիւանդներու դարմանատուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2023, 14:00