Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գիտաժողովի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գիտաժողովի մասնակիցները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Առողջապահութեան ոլորտէն ներս կանխարգիլումը հրամայական է»

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Բարոյականութիւնը առողջութեան կառավարման մէջ » գիտաժողովի մասնակիցներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Բարոյականութիւնը առողջութեան կառավարման մէջ նիւթով գիտաժողովի մասնակիցները։

Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սրտաբուխ ողջոյնի խօսք ուղղեց որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց, ընդգծելով որ ինք տակաւին ողջ է եւ բժիշկը չէ արտօնած որ Տուպայ մեկնի, այն պատճառով որ հոն կրնայ կրնայ ջերմաստիճանի փոփոխութեան ենթարկուիլ՝ տաքէն պաղ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ըսելով որ իր հիւանդութիւնը թոքային ցնցուղներու բորբոքումը է ու հակակենսային դեղերու օգնութեամբ լաւացած է ու տաքութիւն չ՝ունի։

«Շնորհակալ եմ ձեր այցելութեան համար, որ ինծի մեծ հաճոյք պատճառեց։ Հոգ տարէք ձեր առողջութեան, առողջութիւնը նման է հակառակ բանի, ան ամուր է եւ նաեւ փխրուն։ Անտեսուած առողջութիւն մը կը զիջի թուլութեան։ Ես իսկապէս կը սիրեմ կանխարգելիչ բժշկութիւնը, քանի որ անիկա կը կանխէ ամէն ինչ նախ քան որ դէպքերը տեղի ունենան։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց բոլոր իրենց կատարած աշխատանքներու համար, հրաւիրելով զանոնք որ չփնտրեն ոչ միայն բժշկական եւ դեղաբանական լուծումներ, այլ հոգ տանին առողջութեան, այսինքն մտածել առողջութեան բարօրութեան մասին։

Նորին Սրբութիւնը սրտաբուխ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար ինչպէս նաեւ ներողութիւն խնդրելով որ աւելի պիտի չկարենայ խօսիլ յոգնութեան հետեւանքով։

Ապա Աթոռին վրայ նստած Ֆրանչիսկոս Պապ մէկիկ մէկիկ ողջունեց գիտաժողովին մասնակիցները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2023, 13:25