Որոնել

Թեներիֆի կղզի գաղթած գաղթականներ Թեներիֆի կղզի գաղթած գաղթականներ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանացի եպիսկոպոսներուն գաղթականներու դիմաց իրենց սիրտի դռները բանալնուն համար

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Սպանացի եպիսկոպոսներում Քանարիան կղզիներու մէջ գաղթականութեան կապուած դժուարութիւններուն առնչութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 20 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Սպանիոյ մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն, Քանարեան կղզիներուն մէջ գաղթականներուն տագնապի կապակցութեամբ, որուն մէջ իր մօտիկութեան եւ քաջալերանքի փափաքը փոխանցելով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց գաղթականները ընդունելու եպիսկոպոսներուն թափած ջանքերուն համար։

Նամակին մէջ սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց նաեւ Քանարեան կղզիներու մէջ ժողովուրդին կատարած բարի աշխատանքները գաղթականներուն նկատմամբ նշելով, «Քանարիան կղզիներուն բնակիչները բնութագրող զգայնութիւնն ու հիւրընկալութիւնը ակնյայտ են նաեւ այն ձեւին մէջ, որուն միջոցաւ կը հիւրընկալեն, կը պաշտպանեն, կը խթանեն եւ կ՝ողջունեն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը հասնին ծովու ափերը՝ աւելի լաւ ապագայ գտնելու համար», գրուած է Նորին Սրբութեան նամակին մէջ՝ հրապարակուած Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին կայքէջին վրայ։

նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է եպիսկոպոսները երբեք չյուսալքուելու այս հովուական ծառայութեան պարտականութեան մէջ եւ կառուցելու սիրոյ ցանցեր եւ յոյսի ճրագներ, դիմագրաւելու համար գաղթականութեան դժուարութիւնները։ Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած է գաղթականներու դէմքերուն մէջ գտնելու հայեացք մը, որ կը փափաքի եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ապագայ մը։

Նորին Սրբութիւն նամակը աւարտած է շնորհակալութիւն յայտնելով եպիսկոպոսներուն տառապողներուն դիմաց իրենց սիրտերուն դռները բանալնուն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 14:17