Որոնել

Բնութենէն առնուած լուսանկար Բնութենէն առնուած լուսանկար  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կաթողիկէները պէտք են յստակութեամբ եւ վճռականութեամբ շարժին ընկերային ոլորտէն ներս

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով կարդինալ Փարոլինի պատգամ Ֆրանսայի ընկերային շաբաթներ հանդիպումի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը ուղղեց Ֆրանսայի «ընկերային շաբաթներ» հանդիպումի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցելէ ետք նշեց, թէ այս տարի Ֆրանսայի ընկերային շաբաթները տեղի կ՝ունենան միջազգային գետնի վրայ մտահոգիչ եւ անկայուն իրավիճակի մէջ, եւ Ֆրանսան կարիքը ունի ընկերային համախմբութեան, եղբայրներուն, խումբերու եւ հասարակութիւններուն համերաշխութեան։

Ընդգծելով ապա համապարփակ բնապահպանութեան կարեւորութիւնը կարդինալ Փարոլին մէջբերեց «Գոհութիւն Աստուծոյ» ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական յորդորագիրէն հատուած մը ու կը նշուի թէ «մեր բոլոր արձագանգները անբաւարար են մինչ աշխարհը, որ մեզ կը ողջունէ քանդումի մէջ կը գտնուի։

Կարդինալ Փարոլին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սկսիլ նոր արմատական, զօրաւոր գործընթացի, հիմնուած  բոլորին յանձնառութեան վրայ, ներգրաւելով ըլլայ քաղաքականութիւնը ըլլայ ընկերային բոլոր դերակատարները։

Ծիրանաւորը ապա Նկատել տուաւ, որ «Fratelli Tutti» առաքելական յորդորագիրին լոյսին ներքոյ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան զգացումներով աշխուժացած հասարակութիւն կառուցելու հրաւէրը կը դառնայ համագործակցութեան նոր ձեւեր գտնելու շօշափելի առաջարկ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տուպայի մէջ cop 28 ժողովին մասնակցիլը վկայութիւն է իր յանձնառութեան, որ կը քաջալերէ բոլոր կաթողիկէները գործելու հեռատեսութեամբ եւ վճռականութեամբ ընկերային ոլորտին մէջ։

«Հաւատքը ըստ էութեան չբաժներ, այլ խորապէս կը կապէ Տիրոջ առաքեալները մարդկութեան, իւրաքանչիւր կենդանի էակի եւ հասարակաց տան ճակատագիրին հետ», գրեց Կարդինալ Փարոլին, Ան պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ ժողովին մասնակիցներուն՝ իրականութեան նկատամբ տեսակէտը՝ հարստացուած մտութիւններուն եւ հեռանկարներու զուգամերձութեամբ, զօրակցի ֆրանսայի եկեղեցւոյ իր առաքելութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2023, 13:13