Որոնել

2022.04.27 Papa Francesco prega per la fine della pandemia 01.05.2021, Papa Francesco in preghiera 2022.04.27 Papa Francesco prega per la fine della pandemia 01.05.2021, Papa Francesco in preghiera  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Brazzaville-ի դաշտին մէջ պատահած արկածին ի լուր

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով կարդինալ Փարոլինի ցաւակցագիրը Քոնկոյի մէջ պատահած առկածի կապակցութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր մը յղած է Քոնկոյի BRAZZAVILLE քաղաքի Օրնանօ անուան մարզադաշտի մէջ տեղի ունեցած արկածի կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ։

Ցաւակցագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խոր ցաւով իմացած է BRAZZAVILLEի Օրնանօ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դժբախտ արկածը, որ տեղի ունեցաւ բանակի հաւաքական գործողութեան ընթացքին ու իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ զոհերուն ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն։

Կարդինալ Փարոին գրեց, որ Նորին Սրբութիւնը կ՝աղօթէ առ Աստուած, որպէսզի յաւիտենական երջանկութիւն շնորհէ մեռեալներու եւ զօրակցութիւն ցուցաբերէ ցաւի եւ սուգի մէջ մէջ գտնուող ընտանիքներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ բոլորը, որպէսզի եղբայրական եւ հոգեւորական զօրակցութիւն ցուցաբերեն ցաւի մէջ գտնուողներուն ու իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ երիտասարդներուն օգնութեան հասնող անձերուն, գրուած է ցաւակացական գիրին մէջ որուն աւարտին Կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին առաքեալական օրհնութիւնը կը փոխանցէ բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2023, 13:05