Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ուքրանիոյ մէջ ցաւ եւ դաժանութիւն, մօտիկ ըլլանք իր ինքնութիւնը պաշտպանող ժողովուրդի մը

Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ, ծագումով Ռուս բեմադրիչ Evgeny Afineevsky-ի «Freedom on Fire: Ukraine’s fight for freedom» վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումին որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը, 6,30ին, Վատիկանի «Նոր Դահլիճ» անուան սրահէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ, ծագումով Ռուս բեմադրիչ Evgeny Afineevsky “Freedom on Fire: Ukraine’s fight for freedom” վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան, որ կը պատմէ պատերազմի սարսափը, 24 փետրուար 2022 թուականին սկիզբ առած  ռուսա-ուքրանական պատերազմէն ետքը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  որ ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցան ազգային ու միջազգային ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ որոնց շարքին Սուրբ Աթոռի մօտ Ուքրանիոյ դեսպանը։

Ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը, Ֆիլմի ռեժիսորի խօսքէն ետքը, ողջունած եւ օրհնած է ներկաները, անոնց ուղղելով իր խօսքը ու շնորհակալութիւն յայտնելով  ցաւի վկայութեան համար։ 

«Պատերազմները միշտ պարտութիւն են» ըսաւ Ան, «Մենք` որ տեսանք այս դաժանութիւնը, իր ինքնութիւնը պաշտպանող  այս ժողովուրդը,  պէտք է մօտիկ ըլլանք այդ տառապանքին եւ աղօթենք, այս ժողովուրդին համար, աղօթենք, որպէսզի խաղաղութիւնը հասնի» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելէ առաջ  ողջունած է ներկաներէն ոմանք, ապա վերադարձած է Սանթա Մարթա տունը։

Յիշենք, որ Evgeny Afineevsky բեմադրիչը հրապարակած է նաեւ «Ֆրանչեսքօ» տիտղոսով ֆիլմը, որուն մէջ պատմած ու յիշած է հայոց ցեղասպանութեան հարցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 09:38