Որոնել

2023.11.16 Partecipanti al Convegno promosso dalla Pontificia Accademia Mariana Internazionale

Պէտք է գիտակցինք բարեխօսական աղօթքի զօրութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սովորաբար մենք գիտակից չենք մեր կեանքին մէջ բարեխօսական աղօթքէն բխած զօրութեան մասին... Բայց, ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը Կանայի հարսանիքի ժամանակ, մենք ալ կարող ենք հասկանալ, թէ որտեղէն եկած է նոր գինին, անոնց միջոցաւ, որոնք մեզի կ՛ աջակցին իրենց աղօթքներով և մեզ կը դաստիարակեն իրենց օրինակով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 16 Նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատէն ներս յաջորդաբար ընդունեց Հելսինքիի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Ռայմօ Ռամոն Պելտան, ապա Միացեալ Նահանգներէն Սպանացի Քահանաներու ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը հուսկ Միջազգային Մարեմեան Քահանայապետական Ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ գիտաժողովին մասնակիցները, որոնցմէ ետք Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Պուլկարիայի նորանշանակ դեսպան` Տիար Քոստանթին Թաշեւ Քոտզապաշեւին, հաւատարմագիրերու ներկայացումին առիթով, ապա ընդունեց Պանկլատէշի մօտ առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Քեվին Ռանտալը եւ ի վերջոյ հանդիպեցաւ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովին մասնակիցներուն։

Սուրբ գրութիւններու սիրահար, Ամերիկայի աւետարանող

Միջազգային Մարեմեան Քահանայապետական Ակադեմիայի գիտաժողովը նուիրուած էր Երանաշնորհ «María de Jesús de Ágreda»ին, որուն մասին արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապը զայն որակեց «բացառիկ կին մը» ակնարկելով անոր տրուած ածականներուն ինչպէս` «Սուրբ գրութիւններու սիրահար» կամ «Ամերիկայի աւետարանող» եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ Աստուծոյ Աղախինին Հայեցողական կեանքէն քաղուած երեք յատկութիւններու վրայ, որոնցմէ առաջինը եղաւ` «լռութիւնը, ունկնդրութեան վերաբերմունքը, ընկալելու համար Սիրելիին ձայնը, Հօր յաւիտենական Խօսքը»։

Հայեցողականութիւնը

«Երկրորդ դասը` հայեցողականութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այսինքն Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, որ ծնունդ կ՛առնէ ունկնդրութեան վարմունքէն։ «Այս կը նշանակէ տեղ տալ Աստուծոյ, որպէսզի հնազանդելով Սուրբ Հոգիին մենք կարողանանք զայն ընկալել մեր տան մէջ»։ Հայեցողական կեանքին նուիրուածները այդ մէկը կ՛ապրին լռութեամբ, եւ «այս աշխարհին մէջ` որ լի է շատ մը բաներով, խօսքերով, լուրերով, արտաքին հաղորդակցութեան արդիւնաբերութեամբ, ներքին հաղորդակցութիւնը, լռութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտ» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, որ երրորդ յատկութեան անդրադառնալով խօսեցաւ առաքելութեան մասին։

Աղօթելու առաքելութիւնը

«Մայր Ակրէտան եւ իր միաբանակիցները եղան առաջին փակեալ կրօնաւորուհիները, որոնք հասան Ամերիկա եւ «ասիկա մեզի ցոյց կու տայ հայեցողական կեանքին նուիրեալներուն առաքելական հոգին» յարեց Քահանայապետը նշելով` թէ ինչպէս «Մայր Ակրէտային առաքելութիւնը կը կայանար աղօթելու մէջ այն հոգիներուն համար, որոնք տակաւին չէին ճանչնար Տէրը» ու այդ աղօթքները դարձան պտղաբեր, տրուած ըլլալով, որ շատ մը բնիկ ժողովուրդներու անդամներ ընդունեցան Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը։

Բարեխօսական աղօթքի զօրութիւնը

«Սովորաբար մենք գիտակից չենք մեր կեանքին մէջ բարեխօսական աղօթքէն բխած զօրութեան մասին... Բայց, ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը Կանայի հարսանիքի ժամանակ, մենք ալ կարող ենք հասկանալ, թէ որտեղէն եկած է նոր գինին, անոնց միջոցաւ, որոնք մեզի կ՛ աջակցին իրենց աղօթքներով և մեզ կը դաստիարակեն իրենց օրինակով» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց դարձեալ ակնարկելով Սուրբ Կոյս Մարիամին, որ ըսաւ Ան «մեզի կը բերէ Յիսուսը, զայն կը ծնի մեզի համար եւ մենք պէտք է, որ ընդօրինակենք այդ վերաբերմունքը ուրիշներուն ցոյց տալով Տէրը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 10:00