Որոնել

2023.02.06 Vergine di Guadalupe

Դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Տիրամօր նուիրուած երկու տօներ

8 դեկտեմբերին` Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնին առիթով պիտի այցելէ Սպանիա հրապարակին վրայ զետեղուած Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը, իսկ 12 դեկտեմբերն Սուրբ Պետրոսի մէջ պիտի մատուցէ պատարագ` նուիրուած Կուատալուփէի Տիրամօր ծիսական տօնի
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 16 նոյեմբերին Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններուն օրակարգը, ուր կը կարդանք, որ Նորին Սրբութիւնը Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնին օրը` 8 դեկտեմբերին, կէսօրէն ետքը ժամը չորսին, պիտի այցելէ Հռոմի նշանաւոր հրապարակներէն մին` «Սպանիա» հրապարակը, այնտեղ մեծարելով «Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը»։

Սպանիա հրապարակի Տիրամօր արձանը

Աւանդութիւն է արդարեւ, որ Քահանայապետերը 8 դեկտեմբերին այցելեն Սպանիա հրապարակը, աւանդութիւն որ կ՛ապրին նաեւ Հռոմէացի հաւատացեալները, որոնք այդ օր կը փութան հրապարակ, այնտեղ ծաղիկ կամ ծաղկեփունջ զետեղելու ու նաեւ հայցելու՝ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։

Հրապարակին վրայ զետեղուած արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ կոթողի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 220 հրշէջներով։

Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք ծիսական երկրորդ արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան վեցին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ ուր ան կը նախագահէ Կուատալուփէի Սուրբ Կոյս Մարիամին ծիսական տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագին։

Կուատալուփէի Տիրամօր Սրբավայրը

Կուատալուփէյի մէջ Սուրբ Կոյսին յայտնութիւնները տեղի ունեցած են 1531 թուականի դեկտեմբերի 9-էն`12-ը Մեքսիքայէն հիւսիս գտնուող Թեփեյաք լեռան վրայ և կապուած են քրիստոնէութիւնը ընդունած տեղաբնիկ Juan Diego Cuauhtlatoatzin հետ: Այդ յայտնութիւններու ընթացքին Աստուածամայրը Juan Diego-էն կը խնդրէ, որ տեղւոյն եպիսկոպոսին փոխանցէ պատգամը իրեն համար մատուռ մը կառուցելու։ Եպիսկոպոսին սկզբնական կասկածներէն ետքը ան կը կառուցէ Սուրբ Կոյսին նուիրուած մատուռը, ուր այսօր կը գտնուի Կուատալուփէի Տիրամօր Սրբավայրը:

Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը Խուան Տիեկոյին երանելի հռչակեց 1990թ. մայիսի 6-ին ապա զայն սրբադասեց 2002թ. յուլիսի 31-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 12:13