Որոնել

2018.08.29 Papa Paolo VI con Athenagoras

Քրիստոնեաները թող աղօթեն` որպէսզի լռեն զէնքերը. Ֆրանչիսկոս Պապը Բարթողոմէոս Ա-ին

Աւանդութիւն է, որ ս. Պետրոս ու ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը` 29 Յունիսին եւ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին օրը` 30 նոյեմբերին, տեղի ունենան Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հիմնադիր Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին։ Նամակ` որ Տիեզերական Պատրիարքին յանձնուեցաւ Սուրբ Աթոռի կողմէ Իսթանպուլ մեկնած պատուիրակութեան կողմէ, գլխաւորուած Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրտ Քոխի կողմէ։

Փոխադարձ այցելութիւններու աւանդութիւնը

Նշենք, որ աւանդութիւն է, որ ս. Պետրոս ու ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը` 29 Յունիսին եւ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին օրը` 30 նոյեմբերին, տեղի ունենան Կաթողիկէ ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւններու  փոխադարձ այցելութիւնները, եւ պատուիրակութեան անդամները կը մասնակցին այդ առիթներով կազմակերպուած արարողութիւններուն։

Կարդինալ Քոխի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վերատեսչութեան քարտուղար գերապայծառ Պրայան Ֆարելը, ու ենթաքարտուղար գերապ. Անտրէա Փալմիերին ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակը `Գերապայծառ Մարեք Սոլչինսքին։

Աղօթք որպէսզի դադրի զէնքերու շարաչիւնը

Քահանայապետին նամակը ընթերցուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հիմնադիրի տօնին առիթով Ֆանարի մէջ կայացած տօնակատարութեան աւարտին։

Քրիստոնեաները, միացած, թող աղօթեն Աստուծոյ, «որպէսզի դադրցնէ զէնքերուն շարաչիւնը, որ միայն մահ եւ աւէր կը բերէ», մինչ կրօնական եւ կառավարական ղեկաւարները թող միշտ փնտռեն «երկխօսութեան ու հաշտութեան ճանապարհը», գրած էր Սրբազան Պապը նամակին մէջ։

Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ պատմական հանդիպումը

Ան յիշած է նաեւ Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ 1964ի Յունուարին տեղի ունեցած պատմական առաջին հանդիպումը` Հռոմի ու Կ. Պոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ, այդ իրադարձութիւնը նկատելով «վճրական քայլ մը փլուզելու համար անհասկացողութեան, անվստահութեան և նոյնիսկ թշնամանքի պատնէշը, որ գոյութիւն ունէր գրեթէ մէկ հազարամեակէ ի վեր»։

Այդ հանդիպումէն վաթսուն տարի անց «այդ երկու մարգարէ Հովիւներուն խօսքերէն ու հաստատումներէն աւելի» կը յիշատակուի անոնց «ջերմ ողջագուրումը» եւ «եկեղեցական եղբայրութեան փոխադարձ ճանաչումը» որ սկիզբ տուաւ «հաշտութեան ուղեւորութեան», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։

Բարեկամական կապերու շարունակութիւնը

Քահանայապետը հուսկ յիշեց «երանաշնորհ նախորդներու» գծած ճանապարհը ու անոնց հետքերուն վրայ իրականացած հանդիպումներն ու ողջագուրումները իր եւ Բարթողոմէոս Պատրիարքի միջեւ, որուն վերջինը տեղի ունեցաւ անցեալ 30 սեպտեմբերին, Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի բացման նուիրուած համամիութենական աղօթքի հսկումի ընթացքին։

Կ. Պոլսոյ Պատրիարքի և ուղղափառ եկեղեցւոյ աջակցութիւնը, կ՛եզրակացնէ Քահանայապետը, «քաջալերանքի մեծ աղբիւր են կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընթացող սիւնհոդոսական գործընթացի արդիւնաւէտ շարունակման համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2023, 13:29