Որոնել

2023.11.22 Udienza Generale

Աղօթենք` շատ աղօթենք խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը նորոգեց խաղաղութեան ի նպաստ իր կոչը հաղորդելով նաեւ թէ առաւօտեան առիթը ունեցաւ հանդիպելու պաղեստինցի բանտարկեալներուն եւ իսրայէլացի պատանդներու հարազատներուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 22 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացնելէ ետք օրուան խորհրդածութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով նաեւ տարեցներուն, հիւանդներուն, նորապսակներուն ու երիտասարդներուն, յիշեցնելով, որ յաջորդ Կիրակի օր պիտի յիշատակուի Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնը եւ այս առնչութեամբ խրախուսեց Յիսուսը ընտրելու, որպէս կեանքի կիզակէտ, եւ, ըսաւ Ան «Անորմէ պիտի ընդունիք լոյս եւ քաջութիւն առօրեայի իւրաքանչիւր ընտրանքին համար»։

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հուսկ շարունակել աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կը տառապին պատերազմի պատճառաւ, մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիայի, Իսրայէլի ու Պաղեստինի սիրելի ժողովուրդներուն համար»։

«Այս առաւօտ ընդունեցայ երկու պատուիրակութիւններ, մէկը կազմուած իսրայէլացիներէ, որոնք Կազայի մէջ պատանդ առնուած ազգականներ ունին եւ միւսը պաղեստինցիներէ` որոնք Իսրայէլի մէջ բանտարկուած հարազատներ ունին», ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով, որ «երկու կողմերն ալ մեծապէս կը տառապին» ու ընդգծելով` թէ «պատերազմները այս կը կատարեն, բայց մենք գացինք պատերազմէն անդին, ասիկա ահաբեկչութիւն է» հաստատեց Ան, հրաւիրելով յառաջ ընթանալ խաղաղութեան համար, աղօթելու խաղաղութեան համար, «շատ աղօթեցէք խաղաղութեան համար» ըսաւ Ան հայցելով , որ «Տէրը իր ձեռքը դնէ այնտեղ, որ օգնէ մեզի լուծելու հարցերը եւ յառաջ չընթանալու բոլորը սպանող ճանապարհներու վրայ»։

«Աղօթենք պաղեստինի ժողովուրդին համար, աղօթենք իսրայէլի ժողովուրդին համար, որպէսզի գայ խաղաղութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 10:24