Որոնել

2023.11.24 VERONA

Ներգրաւուիլ «նուիրումի մշակոյթի դաստիարակութեան» մէջ

Վերոնայի Ընկերային Վարդապետութեան Փառատօնին ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ այսօր 24 նոյեմբերին սկիզբ առաւ Ընկերային Վարդապետութեան նուիրուած 13րդ Փառատօնի, որ պիտի աւարտի կիրակի 26 նոյեմբերին եւ որ այս տարի նուիրուած է գործատէրերու եւ կամաւորներու յանձնառումին ի նպաստ հասարակաց բարիքին։ Երեք օր տեւող այս փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուին 80է աւելի զեկոյցներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին զանազան նիւթեր ի միջի այլոց` արհեստական բանականաութիւն, աշխատանք, կրթութիւն եւ կենսաբարոյութիւն։

Փառատօնի բացման արարողութեան առիթով ընթերցումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ժողովականներուն ուղղած պատգամին, որուն սկիզբը Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն ու փառատօնին բոլոր մասնակիցներուն գնահատելով նաեւ աշխարհականներու դերը «ընկերութեան մէջ թարգման հանդիսանալու Աւետարանի ուսուցումներուն»։

Ընկերապէս ազատ

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա փառատօնի բնաբանին «ընկերապէս ազատ» որ ակնարկում է «թուային մշակոյթին», որ այսօր մեծ ազդեցութիւն ունի մարդոց միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ ու նաեւ ընկերութեան վրայ։ Սրբազան Պապը առ այդ բացատրեց բնաբանին մէջ գտնուող «@» նշանը, դիտել տալով` թէ ան կը նշանակէ «յարակից», մօտիկութիւն, մերձեցում...եւ ասկէ մեկնելով նշեց, թէ մեր կամեցած ցանցը չէ եղած «թակարդի մէջ առնելու, այլ ազատելու ու պաշտպանելու մարդոց միջեւ ազատ հաղորդութիւնը»։

Եկեղեցին եւս, գրեց Ան, ցանց մըն է հիւսուած Սուրբ Հաղորդութեամբ, ուր միութիւնը չի հիմնուիր «like»երու վրայ այլ ճշմարտութեան վրայ, որուն միջոցաւ իւրաքանչիւր անց մաս կը կազմէ Քրիստոսի մարմինին ընկալելով միւսները»։

Յիսուսին հոգ կը տանի մարդուն իր ամբողջութեամբ

«Ոչ մէկը թող ըլլայ ցանցին մէջ մնացորդացի հաղորդակցութեան մը խթանողը ատելութեան պատգամներու տարածումով եւ իրականութեան խեղաթիւրումով։ Հաղորդակցութիւնը լիութեան կը հասնի ինքնազոհութեան միջոցաւ եւ այդ փոխադարձութեան յարաբերութեան մէջ է, որ կը ծաւալի ազատութեան տարածքը» գրեց հուսկ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, ակնարկելով Յիսուսին հացերու եւ ձուկերու բազմապատկելու հրաշքին, որուն կիզակէտը Յիսուսին գթասրտութիւնն է, որով կ՛ապրի մարդոց զգացումները, իրը կը դարձնէ անոնց հարցերը եւ հոգ կը տանի անոնց։ Ան արդարեւ մարդկային գոյութեան շրջադարձերուն մէջ հօր Աստուծոյ դէմքն ու խօսքն է» նշեց Նորին Սրբութիւնը։

«Անոր հաղորդակցութիւնը ճշմարիտ է, որովհետեւ ներշնչուած է սէրէն հանդէպ անոնց, որ զինք կ՛ունկնդրեն»։ Արդարեւ վերեւ ակնարկուած դէպքին մէջ Յիսուսի ուսուցումին կը հետեւի նաեւ հացին նուէրը, որովհետեւ Ան կը զբաղի ու հոգ կը տանի մարդուն իր ամբողջութեամբ։

Ձրի առինք ձրի տանք

«Յիսուս ապա առանձին առաջնորդ մը չէ, Ան կը խնդրէ աշակերտներուն համագործակցութիւնը, իրենք եւս արդարեւ պէտք է նոյնացնեն անոր տրամաբանութիւնը, որովհետեւ չկայ աւետարանական պարգեւ մը որ չի ներգրաւեր նաեւ նուիրողը» գրեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց հրաւիրելով փառատօնի մասնակիցները յանձնառու ըլլալու եւ ներգրաւուելու «նուիրումի մշակոյթի դաստիարակութեան» մէջ, մէջբերելով նաեւ «Fratelli tutti» շրջաբերականէն հատուածը ուր գրուած է. «կեանքը ստացանք ձրի կերպով, գումար չի վճարեցինք անոր համար։ Ուրեմն բոլորս ալ կարող ենք տալ առանց ոչ մէկ բան ակնկալելու, բարիք ընել առանց նոյնը պահանջելու անձէն, որուն օգնութեան կը հասնինք»։

«Թող Աստուած օրհնէ ձեզ եւ եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք ինծի համար աղօթելու» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2023, 10:18