Որոնել

2023.11.18 Partecipanti all'Incontro promosso dalla Conferenza Episcopale Italiana per la Tutela dei Minori e delle Persone vulnerabili

Պաշտպանել, ունկնդրել եւ դարմանել` պայքարելու համար անչափահասներու չարաշահումներուն դէմ

«Վէրքերուն դարմանումը է նաեւ արդարութեան գործ մը եւ ասոր համար կարեւոր է հետապնդել անոնք, որոնք ոճիր մը կը գործեն, առ աւելիով եթէ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ եկեղեցական աշխարհէն ներս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր շաբաթ 18 նոյեմբերի առաւօտեան ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց անչափահասներու և խոցելի մարդկանց պաշտպանութեան նուիրուած իտալական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած ազգային առաջին հանդիպումին գրեթէ չորս հարիւր մասնակիցներուն, որոնք մաս կը կազմեն անչափահասներու և խոցելի մարդկանց պաշտպանութեան ցանցին։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ անոնք կը ներկայացնեն «Իտալիոյ Եկեղեցւոյ յանձնառումը` խթանելու անչափահասներու և առաւել խոցելի խաւերու պաշտպանութեան մշակոյթը», այս առնչութեամբ կարեւորելով նաեւ աղօթքը եւ այդ աղօթքին մէջ համայն Աստուծոյ ժողովուրդին ներգրաւումը։

Սրբազան Պապը ակնարկեց հաւաքի բնաբանին, որ քաղուած է Երեմիա մարգարէի գիրքէն «Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ, եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ» (Երեմիա 30,17) խօսքին, հրաւիրելով ներկաները հետեւելու անոր, որովհետեւ «Տէրը պատրաստ է դարմանելու իւրաքանչիւր վէրք, նոյնիսկ ամենախոր վէրքը», որուն համար «անհրաժեշտ է դարձը եւ մեր սխալներուն ճանաչումը», ըսաւ Քահանայապետը։

Ան ապա` որպէս ուղեցոյց առաջարկեց երեք բայեր, պաշտպանել, ունկնդրել եւ դարմանել։

Պաշտպանել

Հարկաւոր է մասնակից դառնալ մարդոց ցաւին ու այնպէս ընել, որ համայն հասարակութիւնը պատասխանատու ըլլայ անչափահասներու եւ աւելիով խոցելիներու պաշտպանութեան գործին մէջ։ Համայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք է ներգրաւուի այս գործին մէջ, եւ պաշտպանելը կը նշանակէ սիրտը, հայեացքը եւ գործը ուղղել ի նպաստ աւելիով փոքրերուն եւ անպաշտպաններուն» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ այս մէկը «կը պահանջէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած ներքին վերանորոգուում, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ...»։

Կանխարգիլել չարը

Պաշտպանել կը նշանակէ նաեւ կանխարգիլել չարին գործերը եւ այս մէկը կարելի է մշտական կազմաւորումի մը գործունէութեամբ, որուն նպատակը ըլլայ «տարածել զգայունութիւն և ուշադրութիւն առաւել խոցելի խաւերու պաշտպանութեան նկատմամբ», շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը այս մէկը կարեւոր նկատելով նաեւ եկեղեցական աշխարհէն դուրս, ի տես այն իրողութեան, որ չարաշահումներու 42էն 46 առ հարիւրը տեղի կ՛ունենան ընտանեկան յարկէն կամ թաղամասերէն ներս։

Ունկնդրել

«Պաշտպանելու համար հարկաւոր է գիտնալ ունկնդրել, մէկդի դնելով ամէն տեսակ ակնյայտ հերոսութեան վերաբերմունք եւ անձնական շահերը։ Ունկնդրութիւնը սրտին շարժումն է եւ ընտրանք մը` մեր իւրաքանչիւր արարքի որպէս կեդրոն ընտրելու ան, որ կը տառապի եւ կամ աւելիով խոցելի ու դիւրաբեկ անհատ մըն է» շարունակեց Սրբազան Պապը։

«Զոհերուն ունկնդրութիւնը կարեւոր քայլ մըն է աճեցնելու համար կանխարգիլումի մշակոյթը» ըսաւ ապա Ան ընդգծելով, որ ունկնդրութիւնն է, որ կը բանայ զօրակցութեան դռները ու կը մղէ ամէն ինչ ի գործ դնելու, որպէսզի այդ չարաշահումը չի կրկնուի։

«Գիտնալ ունկնդրելը կը նշանակէ հոգ տանիլ զոհերուն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «պաշտպանութեան եւ ունկնդրութեան ուղիին վրայ քալելով է` որ կարելի է դարմանել»։

Դարմանել

«Այս ժամանակաշրջանին երբ տարածուած է մնացորդի մշակոյթը պէտք է, որ քրիստոնեայ հասարակութիւնները դառնան ընկերութեան համար առողջ սադրանք մը» եղաւ Քահանայապետին այլ մէկ յորդորը։

«Վէրքերուն դարմանումը է նաեւ արդարութեան գործ մը եւ ասոր համար կարեւոր է հետապնդել անոնք, որոնք ոճիր մը կը գործեն, առ աւելիով եթէ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ եկեղեցական աշխարհէն ներս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր գնահատանքը արտայայտելով ներկաներուն անչափահասներու պաշտպանութեան ի սպաս գործունէութեան ու ստեղծած ծառայական կեդրոններուն համար ու խրախուսելով, որ շարունակեն այդ գործը խթանելու համար «իսկական մշակութային փոփոխութիւն մը, որուն կիզակէտը, Եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ ըլլան ամենափոքրերը եւ խոցելի անձերը»։

«Յառաջ ընթացէք։ Յառաջ ընթացէք ես ձեզի մօտիկ եմ ձեր աշխատանքին մէջ ու ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ։ Կ՛աղօթեմ ձեզի համար, որովհետեւ ձերը դիւրին գործ մը չէ, դուք ալ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար որովհետեւ իմ գործս ալ դիւրին չէ» եղան Նորին Սրբութեան ճառին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2023, 11:06