Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Օզամիզ թեմի ուխտաւորներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Օզամիզ թեմի ուխտաւորներուն հետ։  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տիրամօր հետ միասին աճիլ հաւատքին մէջ Աստուծոյ արքայութիւնը տարածելու համար»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց դէպի Եւրոպա ուխտագնացութիւն կատարած Փիլիպպինեան կղզիներէն «Օզամիզ» թեմի հաւատացեալները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 17 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Փիլիպինեան կղզիներու մէջ գտնուող Ozamiz թեմի պատկան խումբ մը հաւատացեալները որոնք Եւրոպա ուխտագնացութիւնը կատարած են իրեն թեմի հիմնադրութեան 50-րդ տարուայ ոսկեայ յոբելեանին առիթով ընկերակցութեամբ թեմի առաջնորդ, արք Խումոատի։

Ողջունելէ ետք ներկաները Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացնելով սրբավայրերուն վրայ նշեց, որ «Սրբավայրերուն ուխտագնացութիւնը յստակ արտայայտութիւն մըն է Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան, ապա յիշեց Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած Սամուէլ մարգարէի մայրը՝ Աննան, «Որ տխրութեամբ՝ սակայն վստահութեամբ Սիրոյի սրբավայր ժամանեց Աստուծմէ խնդրելու համար զաւակի մը պարգեւը։ Հոն Տէրը լսեց Անոր աղօթքը եւ կատարեց անոր իղձը (Սամ 1,12-17), ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Սրբավայրերուն մէջ կը հանդիպինք Հօր քնքուշ սիրոյն, որ ողորմած է բոլորին հանդէպ եւ այս ողորմութիւնը մեզի կը հասնի յաճախ յայտնուած մեր սուրբ Մայր կողմէ, որ մեզի կ՝ուսուցանէ՝ Աստուած ընդունիլ կեանքին մէջ եւ իբրեւ Մայր Յիսուսին կը ներկայացնէ մեր խնդրանքները, այնպէս ինչպէս կատարեց Գանային պսակեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պա մաղթեց, որ այս ոսկեայ յոբելենականութեան կապուած եւ նախատեսուած ձեռնակները ու արարողութիւնները ներշնչեն թեմի հասարակութեան բոլոր անդամները խորացնելու իրենց մկրտութեան կոչումին գիտակցութիւնը եւ միշտ ապրին որպէս Տիրոջ հաւատարիմ առաքեալներ, յորդորելով թեմի բոլոր ժողովրդապետութիւններն ու հասարակութիւնները բարի տիպար հանդիսանան կիրակելու համար ողորմութեան աշխատանքները եւ բոլորին մօտիկ կանգնին յատուկէն ընտանիքներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն, աղքատներուն՝ Յիսուսի սէրով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց իր հոգեւորական մօտիկութիւնը ապահովուելով ու մաղթելով, որ այս ուխտագնացութեան օրերը շնորհքի առիթ հանդիսանան պտուղ փոխանցելու համար իրենց հաւատքի ուղեւորութիւնը շարունակելու ցանկութեան մէջ։

Յանձնելով բոլորը Տիրամօր՝ Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութեան եւ ապահովելով իր աղօթքը Ozamiz թեմի Աստուծոյ ժողովուրդին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով ինչպէս միշտ, որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2023, 10:22