Որոնել

2023.11.16 Parrocchia Santa Maria Madre di Ospitalità a Tor Vergata

Կը շարունակուին Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնները «Իր» քահանաներուն

Սրբազան Քահանայապետն այցելեց Հռոմի արեւելեան արուարձանի մէջ գտնուող «Սրբուհի Մարիամ Հիւրընկալութեան Տիրամայր»՝ «Santa Maria Madre dell’Ospitalità», ժողովրդապետութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2023ին, յետմիջօրէին ժամը 4ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն այցելեց Հռոմի արեւելեան արուարձանի մէջ գտնուող «Սրբուհի Մարիամ Հիւրընկալութեան Տիրամայր»՝ «Santa Maria Madre dell’Ospitalità», ժողովրդապետութիւնը, ուր Անոր կը սպասէին շուրջ քառասուն քահանաներ հիւանդանոցային եւ համալսարանական մատրանապետերու հետ միասին։

Սրբազան Հօրն ընդունեցին Հռոմի արեւելեան հատուածի թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Ռիքքարտօ Լամպան եւ «Հիւրընկալութեան Տիրամայր» ժողովրդապետութեան ծխական քահանայ Հայր Ռոքքօ Մասսիմիլիանօ Քալիանտրոն։ Վերջիններուս հետ մէկ ու կէս ժամ զրուցելէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց ծխական համայնքին կից «Հիւրընկալութեան գիւղ» անունը ստացած տասներկու բնակարաններէ բաղկացած համալիր, ուր կ’ապրին իտալացի եւ օտարերկրացի կարիքաւոր ընտանիքներ եւ, ինչպէս Գերապայծառ Լամպան նկարագրեց, Պապը «սիրողաբար մէկիկ մէկիկ ողջունեց հիւրընկալուածները, անոնց միջեւ բազմաթիւ մանուկներ եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր»։

Գերապայծառ Լամպան պատմեց նաեւ, որ Հռոմի Եպիսկոպոսը «շատ բաց, ջերմ եւ հարազատ երկխօսութիւն» ունեցաւ իր քահանաներուն հետ եւ «խրախուսեց բոլորին յառաջ տանիլ իրենց կողմէ արդէն իսկ իրականացուող լաւ գործը, շարունակել գտնուիլ մարդոց մէջ, մշտապէս առաջարկել Աւետարանը, անգամ եթէ դժուարութիւններ կան, շարունակել ունենալ այս սինոտալ ոճը, որ կ’ենթադրէ աշխարհականներու եւ քահանաներու միջեւ անընդհատ համագործակցութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամը 18.10ին լքեց «Հիւրընկալութեան Տիրամայր» ժողովրդապետարանը եւ վերադարձաւ Վատիկան։

Նշենք թէ՝ Հռոմի Եպիսկոպոսի մայրաքաղաքի ժողովրդապետութիւններ այցելութեան առաջնային նպատակն է հանդիպիլ «իր» քահանաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2023, 10:36