Որոնել

2023 թուականին Փորթուկալի մէջ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կոմիտէի եւ հիմնադրամի անդամները 2023 թուականին Փորթուկալի մէջ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կոմիտէի եւ հիմնադրամի անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող ոչ մէկ բան կորսուի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ ապրած պահերէն

Սրբազան Քահանայապետը Լիզպոնի մէջ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուընէ ամիսներ անց ընդունեց բոլոր անոնք, որոնք համագործակցած են այդ հանդիպումը իրականացնելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

30 Նոյեմբեր 2023 թուականին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճէն ներս ընդունեց 2023 թուականի օգոստոսին Փորթուկալի մէջ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կոմիտէի եւ հիմնադրամի 800էն աւելի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը, որոնց ուղղեց սրտաբուխ հակիրճ խօսք մը ապա յանձնեց գրաւոր պատգամը։

Գրաւոր պատգամին մէջ Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը նորոգեց Համաշխարհային օրուայ համակարգողներուն, համագործակցողներուն եւ աջակիցներուն եւ, յատկապէս, երիտասարդներուն:

«Համաշխարհային մակարդակի վրայ այդ հանդիպումը ձեզի վստահուած էր եւ դուք մեզի չի հիասթափեցուցիք», շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ խրախուսելով շարունակել երազել՝ ներառելով բոլորը, առանց բացառելու որեւէ մէկը, եւ ներգրաւելով նոր երազող ընկերներ։

«Դուք մեզի համար վառ օրինակ էք, թէ ինչպէս կարելի է կիսուիլ առաքելութեամբ՝ առանց որևէ մէկը բացառելու»:

Մատնանշել եւ մղել մեզի դէպի Աստուծոյ սիրտի տիեզերական սահմանները

«Ինչպէս դաշտերու մէջ հասկահաւաքները ետ կը վերադառնան ցորենի կորսուած հասկերը հաւաքելու համար, այնպէս ալ թող, որ ձեր փառքի ու պատուի կոչումը ըլլայ ետ բերել մնացածները ու զանոնք նստեցնել ընդհանուր սեղանի շուրջը» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը եւ յորդորեց թոյլ չտալու, որ ոչինչ կորսուի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուընէ, «որ ծնաւ, աճեցաւ, ծաղկեցաւ ու պտղաբեր դարձաւ ձեր ձեռքերու մէջ»։

Դիմելով ապա բոլոր ներկաներուն Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց, որ Աստուած հատուցանէ անոնց այն բարիքին համար, որ գործած են երիտասարդներու եւ անձամբ իր, Լիզպոն քաղաքի եւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն հոն ժամանած անձերու նկատմամբ։ Ի վերջոյ, Պապը քաջալերեց զանոնք շարունակել «մատնանշել եւ մղել մեզ` դէպի Աստուծոյ սիրտի տիեզերական սահմանները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2023, 12:06