Ընդունիլ կայունութեան համարժէք չափանիշներ՝ չվնասելու համար մեր շրջապատի եւ մեզմէ ետք եկող մարդոց անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 24 Նոյեմբեր 2023 թուականին Վատիկանէն ներս ընդունեց ՝ 2016-2017 թուականներուն երկրաշարժէն տուժած Իտալիոյ կեդրոնական տարածքի բնակչութեան շուրջ 350 ներկայացուցիչները։
Այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Ան ցաւով յիշեց այդ ողբերգութեան պատճառած զոհերը եւ աւերածութիւնները եւ նորոգելով իր մօտիկութիւնը զոհերու եւ տուժածներու ընտանիքներուն, գնահատեց անոնց հաստատակամութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ համագործակցութեան ոգին՝ վերականգնողական աշխատանքներու գործին մէջ։
Ակնարկելով ապա այդ նպատակով իրականացուող «Next Appennino» հասարակական տնտեսական վերականգնման ծրագիրին, Քահանայապետը առանձնացուց երեք շեշտադրումներ, որոնց վրայ ծրագիրը ուշադրութիւն դարձուցած է՝ կայուն զարգացում, բնապահպանութիւն եւ կլիմայական փոփոխութիւններ։
Ուշադրութիւն կայուն զարգացման հանդէպ
«Մեր հասարակաց տունը պաշտպանելու հրատապ մարտահրաւէրը կը ներառէ […] կայուն եւ ամբողջական զարգացման որոնումը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յղում կատարելով Laudato si' (13) իր Առաքելական յորդորագիրին եւ հաստատեց թէ՝ կայունութեան համարժէք չափանիշներու ընդունումը «արդարութեան եւ գթասրտութեան կարեւոր քայլ է, քանի որ անոր նպատակն է բաւարարել կարիքները՝ առանց վնասելու մեր շրջապատի եւ մեզմէ ետք եկող մարդոց անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը»:
«Խրախուսիչ է տեսնել, թէ ինչպէս կրցաք վերակառուցումը հիմնել թափօններու վերացման, միջոցներու արժէքաւորման, արդար բաշխման եւ առաւել խոցելի խաւերու պաշտպանութեան եւ ճարտարապետական խոչընդոտներու վերացման վրայ» յարեց Սրբազան Պապը՝ նկատել տալով, որ յառաջ ընթանալու համար կարեւոր է «անձը դարձնել քաղաքի կեդրոն» եւ «իմաստուն կառավարումը»։
Ուշադրութիւն բնութեան հանդէպ
Խօսելով բնութեան հանդէպ ուշադրութեան մասին, Քահանայապետը շեշտեց, որ այն շրջանները, որոնք զանոնք կը ներկայացնեն ամենագեղեցիկներէն են Իտալիաոյ եւ աշխարհի մէջ եւ յայտնի են «հմայիչ բնութեամբ եւ լեռներու լանջերուն եւ ձորերուն մէջ փոքրիկ գոհարներու պէս զետեղուած հնագոյն գիւղերով ու քաղաքներով»։ Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը նշեց, որ այդ մէկը «ներդաշնակութեան օրինակ է Աստուծոյ գործի եւ մարդու գործի միջեւ»:
Այն վարքագծերը, որոնք չեն փճացներ բնութիւնը անճաշակ շինութիւններով, չեն աղտոտեր շրջակայ միջավայրը, չեն փոխեր կենդանատեսակներու եւ բուսատեսակներու բնական միջավայրերը, բացի այդ ուղղուած են «ջուրի սպառման կրճատմանը, թափօններու տարանջատմանը, ծառատունկին», ըստ Ֆրանչիսկոս Պապի, մաս կը կազմեն «առատաձեռն եւ արժանապատիւ արարչագործութեան, որոնք վեր կը հանեն մարդու մէջ լաւագոյնը» (Laudato si', 211):
Ուշադրութիւն կլիմայի փոփոխութեան հանդէպ
«Կասկած չկայ, որ կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը հետզհետէ աւելի կը վնասէ շատ անձերու եւ ընտանիքներու կեանքը», շարունակեց այնուհետեւ Սրբազան Քահանայապետը՝ անդրադառնալով կլիմայի փոփոխութեան հանդէպ ուշադրութեան: «Ուստի, կարեւոր է՝ մէկ կողմէ, կիրառել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ դադրեցնելու ինքնահոսի մատնուած վիճակը, իսկ միւս կողմէ՝ քայլեր ձեռնարկել արդեն գոյութիւն ունեցող փոփոխութիւններու դէմ պայքարելու համար՝ թոյլ չտալով վհատիլ քննադատութիւններէ կամ դժգոհութիւններէ», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով եւ Տիրամօր հովանին հայցելով ներկաներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ