Որոնել

2023.07..05 Croce simbolo del martirio

Մեր դարաշրջանը նահատակներու դարաշրջան է․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպած համաժողովի մասնակիցները
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 16 Նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած «Սրբութեան համայնքային ծաւալը» տիտղոսը կրող համաժողովի շուրջ 150 մասնակիցները Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս։

«Սրբութեան համընդհանուր կոչումի նիւթը եւ անոր ծիրէն ներս սրբութեան համայնքային ծաւալը Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի համար շատ թանկ է, որու մասին կը խօսուի անոր Lumen gentium բաժնի մէջ։ (գլուխ 5)», նշեց իր պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը՝ առանձնացնելով նիւթին հայող երեք բնոյթներ, որոնք իր խօսքի առանցքը կազմեցին` Միաւորող սրբութիւն, ընտանեկան սրբութիւն և նահատակութեան սրբութիւն:

Միաւորող սրբութիւն

Ըստ Ֆրանչիսկոսի՝ միաւորող սրբութեան կանչուած ենք բոլորս եւ առաջին հերթին այդ մէկը կը կատարուի գթասրտութեան մէջ (Lumen gentium, գլուխ 40)՝ Սուրբ Հոգիի պարգեւը, որ մեզ կը միաւորէ Քրիստոսի մէջ եւ կը միաւորէ որպէս եղբայրներ, այդպիսով դառնալով ոչ միայն անձնական, այլեւ համայնքային իրադարձութիւն։

Ընտանեկան սրբութիւն

Ընտանեկան սրբութեան փայլող պատկերը առաջին հերթին կը տեսնենք Նազարէթի Սուրբ ընտանիքի մէջ, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը եւ շեշտեց թէ՝ Եկեղեցին այսօր ալ մեզի կ’առաջարկէ բազմաթիւ այլ օրինակներ: Այս համատեքստի մէջ Ան յիշեց շարք մը ընտանեկան սուրբերու եւ ի մասնաւորի Յովսէփ եւ Վիթթորիա Ուլմա ամոլի եւ անոնց եօթը զաւակներու անցեալ Սեպտեմբերին տեղի ունեցած երանացման արարողութիւնը,․ «բոլորն ալ նահատակ» ըսաւ Քահանայապետը ու նշեց թէ այս մէկը այլ օրինակ է, որ կը հաստատէ, թէ «Սրբացումը համայնքային ճանապարհորդութիւն է», եւ որ միայնակ չկատարուիր։

Նահատակութեան սրբութիւն

Անդրադառնալով ապա նահատակութեան սրբութեան Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այդ ձեւաչափը ամենէ ամուրն է, որուն օրինակները կը տեսնենք Եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան մէջ՝ սկզբնական համայնքներէն մինչեւ ժամանակակից դարաշրջան եւ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ: «Չկայ ժամանակաշրջան, որ իր նահատակները չէ ունեցած», նշեց Պապը յորդորելով չմոռնալ, որ մերը նոյնպէս նահատակներու ժամանակաշրջան է եւ յիշեց երկու այդպիսի դէպք․ «Ասիա Պիպիի պարագան՝ քրիստոնեայ կնոջ, որ 10 տարիներ շարունակ բանտին մէջ մնացած էր անարդար կերպով, ու քսանմէկ ղպտի նահատակները, որոնք վերջերս ընդգրկուած են Հռոմէական վկայաբանութեան մէջ ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սրբութիւնը կեանք կու տայ համայնքին, եւ դուք, ձեր աշխատանքով, կ’օգնէք մեզի աւելի լաւ հասկնալ եւ հռչակել անոր իրականութիւնն ու շարժունակութիւնը այն բազմաթիւ ու տարբեր ուղիներով, որոնք (․․․) բոլորն ալ ուղղուած են նոյն նպատակին` սիրոյ լիութեանը», ընդգծեց ի վերջոյ Սրբազան Հայրը

Ան ապա քաջալերեց ներկաները ուրախութեամբ շարունակելու իրենց գեղեցիկ առաքելութիւնը, օրհնեց զանոնք եւ խնդրեց չմոռնալ աղօթելու իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 12:10