Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ աշխատող Սպանացի քահանաները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ աշխատող Սպանացի քահանաները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներուն. «Բոլորին համար ունեցէք բաց սիրտեր եւ դուռեր»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ աշխատող Սպանացի քահանաները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 16 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ աշխատող Սպանացի քահանաներուն ընկերակցութեան անդամները ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց  «Սուրբ Պետրոսի տան մէջ ձեզ ընդունելու համար, որ ձեր տունն է, որովհետեւ Եկեղեցին բաց դռներով տունն մըն է, որտեղ Արեւմուտքէն եւ Արեւելքէն ամէնքը կու գան նստելու համար Տիրոջ մեզի համար պատրաստած սեղանին շուրջ»։ (Մատթ 8,11)։

Նորին Սրբութիւնը ապա պատգամին մէջ պատասխանեց քահանաներու կողմէ նախապէս ստացած հարցումներուն։

«Սուրբ Մանուէլի կաթողիկէ վարդապետութենէն կ՝ուզեմ բանալի քաղել պատասխանելու համար ձեր հարցումներուն։ Առիթով մը Սուրբ Մանուէլը դիմեց խումբ մը հաւատացեալներուն, խորհելով Գողգոթայի Սուրբ Կանաց դերի մասին որպէս օրինակ Տիրոջ իւրաքանչիւր աշակերտի համար, Տիրոջ խաչին դիմաց, այն ժամանակ եւ հիմա։

Մենք կարող ենք զգալ միեւնոյն անզօրութիւնը, անարդարութեան դէմ գործելու միեւնոյն ցանկութիւնը, որոնք կանայք այդ պահուն ապրեցան, կրնանք ապրիլ գաղթականներուն խնդիրներուն դիմաց, կարգ մը քաղաքացիական եւ կրօնաւորական իշխանութիւններուն փակումին դիմաց, միջ մշակութային մարտահրաւէրներուն դիմաց, աւետումի բարդութեան առջեւ, ինչպէս նաեւ այլ բաներու առջեւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, նկատել տալով որ այդ դժուարութիւններուն դիմաց Սուրբ Մանուէլը մեզի կը յայտնէ, թէ «Յիսուս երբեք չդադրիր տառապելէ։ Տապանակին մէջ Տէրը կը պատասխանէ ձեր մտահոգութիւններուն։ Կարգ մը պատասխանները կրնան միամիտ թուիլ... այլ պատասխաններ ձեզմէ աւելի մեծ թուին, օրինակ Սուրբ Մանուէլի նախաձեռնած ընկերային եւ առաքելական գործերը յառաջ տանիլը։

Իրականութեան մէջ, այս հովիւը՝ Սուրբ Մանուէլը իր յանձնարարութիւններուն մէջ հաստատեց, թէ ամէն բանէ վեր, այն ինչ որ քահանայ մը կրնայ կատարել կը սկսի այսօր, պարզ աղօթքով, մօտիկութեան խօսքով, եղբայրական հիւրընկալութեամբ եւ յամառ աշխատանքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յորդորելով քահանաները, որ իրենց վստահութիւնը երբեք չդնեն լոկ մեծ գաղափարներուն վրայ, ոչ ալ լաւ սահմանուած հովուական ծառայութիւններուն վրայ եւ չորոնեն մեղաւորներ, այլ Անոր որ զիրենք կանչեց՝ նուիրուելու ու իրենցմէ կը խնդրէ հաւատարմութիւն եւ յարատեւութիւն, այն վստահութեամբ, որ գործը իր աւարտին կը հասցնէ եւ կ՝ապահովուէ որ իրենց ջանքերը բարի պտուղներ տան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 09:57