Որոնել

Դրօշմաթուղթ Սուրբ Աթոռի յուշարձաններուն պաշտապանութեան յանձնաժողովի հարիւր ամեակի առթիւ Դրօշմաթուղթ Սուրբ Աթոռի յուշարձաններուն պաշտապանութեան յանձնաժողովի հարիւր ամեակի առթիւ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սուրբ Աթոռի յուշարձանները աստուծային եւ մարդկային կապի վկանները

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Աթոռի պատմական յուշարձաններու եւ արուեստի պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովի հարիւր ամեակի մասին գումարուած ժողովի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Սուրբ Աթոռի պատմական յուշարձաններու եւ արուեստի պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովի հարիւր ամեակի մասին գումարուած ժողովին մասնակիցներուն, որուն մէջ յիշելով իր նախորդները՝ Պօղոս Զ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապերը նշեց, թէ Վատիկանի մէջ պահպանուած յուշարձանները զբօսաշրջութեան գրաւչութիւն ըլլալէ անդին, աշխարհի մէջ Աստուծոյ անցքին շօշափելի նշան են եւ աւետարանումի արտասովոր հնարաւորութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Վերոյիշեալ յանձնաժողովի նախագահ Ֆրանչէսքօ Պուրանելլիի ուղղուած պատգամը ընթերցեց Վատիկանի Պետքարտուղարը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ թէ Վատիկանի թանգարանները կրնան ներկայացնել արտասովոր հնարաւորութիւն աւետարանումի համար, որովհետեւ հոն ցուցադրուած տարբեր աշխատանքները այցելուներուն պերճախօս վկայութիւն են շարունակական միահիւսման մասին, որ գոյութիւն ունի աստուածայինի եւ մարդկայինի միջեւ կեանքի եւ ժողովուրդներուն պատմութեան մէջ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ արուեստի գեղեցկութիւնը մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ներդաշնակ հաղորդակցութեան արտացոլումն է յիշեց, որ 2001 թուականին Վատիկան քաղաքի պետութիւնը որդեգրած է օրէնք մը Սուրբ Աթոռի եւ իր մշակութային բարիքներուն պաշտպանութեան վերաբերեալ եւ այժմ պէտք է որ անիկա թարմացուի՝ արդիւնաւէտօրէն համապատասխանելու համար ընկերային եւ պատմական փոխուած պայմաններուն, ինչպէս ներքին այնպէս միջազգային կազմակերպութիւններուն օրէնսդրութեան յեղաշրջումը։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ որ Պիոս ԺԱ Պապին կամքը, որ 1923 թուականին յունիս ամիս ուզեց հիմնել Սուրբ Աթոռի պատկան պատմական յուշարձաններու եւ արուեստի պաշտպանութեան մշտական յանձնաժողովը, այն է ունենալ արուեստի եւ պատմութեան յուշարձաններուն պահպանման եւ վերականգման աշխատանքներու մէջ ոչ միայն աւելի մեծ միութիւն եւ շարունակութիւն այլ նաեւ համապատասխան իրաւասութիւններուն եւ պարտականութիւններուն աւելի խելացի բաշխում նկատի առնելով Սուրբ Աթոռի պատկան յուշարձաններուն տիեզերական համբաւը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2023, 12:54