Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բժշկութիւնը որ կը հրաժարի բուժումէն այլեւս բուժման արուեստ չէ»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց մանկաբոյժներուն Իտալական դաշնութեան ու ականջի, քիթի եւ կոկորդի մասնագէտ բժիշկներու ընկերակցութեան անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 18 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց մանկաբոյժներուն Իտալական դաշնութեան ու ականջի, քիթի եւ կոկորդի մասնագէտ բժիշկներու ընկերակցութեան անդամները։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց կատարած առօրեայ աշխատանքներուն համար՝ ի սպաս խնամքի կարիք ունեցող անձերուն։

Նախ մանկաբոյժներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ անոնք երիտասարդ պսակեալներուն համար հայեցակէտ մըն են, որոնք կ՝օգնեն մանուկները աճեցնելու պարտականութեան մէջ, յոյս յայտնելով որ Իտալիոյ մէջ աճին նպաստաւոր պայմանները, որպէսզի երիտասարդները ունենան աւելի մեծ վստահութիւն ու վերագտնեն քաջութիւնն ու ուրախութիւնը ծնողք դառնալու համար։

Ականջի, քիթի եւ կոկորդի մասնագէտ բժիշկներու անդամներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նախ բարձր գնահատեց բժիշկներուն «Մարմնի որոշ անդամներուն հոգ տանիլը, որոնք «անհրաժեշտ են մեր յարաբերութիւններուն համար եւ մեզի կապի մէջ կը պահեն ուրիշներու եւ հասարակութիւններուն միջեւ»,ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա յիշելով Քովիտ համաճարակի դժուար ժամանակաշրջանը նշեց, որ առողջապահութեան ոլորտի բոլոր մասնագէտները երկրին կարեւոր սիւներ կը կազմեն եւ Իտալական հանրային առողջապահութիւնը հիմնուած է ընդհանրական, հաւասարութեան եւ զօրակցութեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք այսօր խաթարուած են չկիրարկուելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ կան երկու հակադիր սակայն նոյնքան վտանգաւոր երեւոյթներ, որոնք կը տարածուին. մէկ կողմէ ամէն գինով առողջապահութեան որոնումը, հիւանդութեան վերացման ցնորքը՝, խոցելիութեան եւ սահմաններուն ամէնօրեայ փորձի վերացումով եւ միւս կողմէ, դիւրաբեկ եւ տկար մարդոց լքումը, որոշ դէպքերուն մահուան առաջարկով, որպէս միակ ուղի։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Աւետարանի բարի Սամարացիին առակը կ՝օգնէ բժիշկներուն, միշտ հիւանդներուն դէմքին նայելու, ընկալելու, յոյս ներշնչելու եւ աջակցելու։ «Բանալի խօսքը կարեկցանք է։ Անփոխարինելի ախտորոշիչ գործիք է։ Եւ Յիսուս գերազանցապէս բժիշկն է։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ ան որ կանչուած է խնամք տանելու, պէտք չէ անտեսէ իր վրայ հոգ տանիլը։ Անհրաժեշտ են այնպիսի միջամտութիւնները, որոնք արժանապատուութիւն կը հաղորդեն բժիշկներուն աշխատանքին ու կը նպաստեն լաւագոյն պայմաններուն, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ իրականացնել ամենարդիւնաւէտ ձեւով։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրամօր մայրական բարեխօսութիւնը ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2023, 11:58