Որոնել

2023.11.12 Angelus

Պահպանենք ներքին կեանքին ձէթը. Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակի օրուայ խորհրդածութիւնը

Այս օրերուն մենք յաճախ ուշադիր ենք արտաքինի նկատմամբ ու կարեւորը մեզի համար լաւ տպաւորութիւն թողուլ է ուրիշներուն վրայ։ Յիսուս սակայն մեզի կ՛ըսէ, որ կենաքին իմաստութիւնը այլուր է, այսինքն խնամք տանելու մէջ այն բաներուն` որոնք անտեսանելի են բայց աւելի կարեւոր, որովհետեւ կը գտնուին մեր մէջ։ Անիկայ ներքին կեանքի պահպանումն է։ Կը նշանակէ գիտնալ կանգ առնել եւ ունկնդրել սեփական սիրտը, հսկել մեր մտածումներու եւ զգացումներու վրայ։ Կը նշանակէ տարածք տալ լռութեան, բայց նաեւ ունակ ըլլալ ունկնդրելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ Աւետարանը մեզի կը նուիրէ առակ մը, որ կը հայի իւրաքանչիւրի կեանքի իմաստին։ Տասը կոյսերու առակը` որոնք կոչուած են ընդառաջելու փեսային (Մատթ 25,1-13)։ Այս է կեանքը. Մեծ պատրաստութիւն մը հարսանիքի օրուան, երբ պիտի կոչուինք դուրս գալու, հանդիպելու համար Անոր` որ մեզ կը սիրէ բոլորէն աւելի»։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս խօսքերով սկսաւ 12 նոյեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, զոր աւանդութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Իմաստուն եւ յիմար կոյսերը

«Առակին մէջ սակայն այդ տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն են ու հինգը յիմար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու մեկնաբանեց աւետարանական հատուածը, նշելով թէ «Իմաստութեան ու յիմարութեան միջեւ տարբերութիւնը կը կայանայ բարի կամքին մէջ...տարբերութիւնը պատրաստութիւնն է»։

Հատուածին մէջ կը կարդանք թէ իմաստունները, լապտերներու հետ միասին ձէթը առին, իսկ յիմարները ոչ։ «Ահա տարբերութիւնը` ձէթը» ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով, որ «ձէթին յատկութիւնը այն է` թէ տեսանելի չէ, լապտերին մէջ է, անիկա երեւեցող չէ, բայց առանց անոր լապտերը լոյս չի տար»։

Վտանգը մտահոգուելու  արտաքինով եւ ոչ ներքինով

«Մեր կեանքն ալ նոյն վտանգի մէջ կը գտնուի։ Այս օրերուն մենք յաճախ ուշադիր ենք արտաքինի նկատմամբ ու կարեւորը մեզի համար լաւ տպաւորութիւն թողուլ է ուրիշներուն վրայ։ Յիսուս սակայն մեզի կ՛ըսէ, որ կենաքին իմաստութիւնը այլուր է, այսինքն խնամք տանելու մէջ այն բաներուն` որոնք անտեսանելի են բայց աւելի կարեւոր, որովհետեւ կը գտնուին մեր մէջ։ Անիկայ ներքին կեանքի պահպանումն է։ Կը նշանակէ գիտնալ կանգ առնել եւ ունկնդրել սեփական սիրտը, հսկել մեր մտածումներու եւ զգացումներու վրայ։ Կը նշանակէ տարածք տալ լռութեան, բայց նաեւ ունակ ըլլալ ունկնդրութեան։ Կը նշանակէ հրաժարիլ ժամանակ վատնելէ բջիջային հեռաձայնի պաստառին առջեւ նայելու համար լոյսին` որ ներկայ է ուրիշներու աչքերուն մէջ, մեր սրտին եւ Աստուծոյ մեր վրայ հայեացքին մէջ» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը ու թելադրեց «մանաւանդ անոնց, որոնք դեր մը ունին Եկեղեցւոյ մէջ, թոյլ չտալ յայտնուիլ շարժականութեան թակարդին մէջ, այլ ժամանակ նուիրել Տիրոջ, լսելով Անոր Խօսքը, պաշտամունքին մէջ»:

Ներքին կեանքին ձէթը

«Աւետարանը մեզի կը խրատէ զանց չընել ներքին կեանքին ձէթը, մեզի ըսելով, թէ կարեւոր է նաեւ զայն պատրաստելը։ Արդարեւ ներքին կեանքը կը պատրաստուի ամէն օր, հետեւողականութեամբ, ամէն օր ժամանակ յատկացնելով, այնպէս ինչպէս ժամանակ կը յատկացուի կարեւոր բանի մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարցեր տալու ու անոնց շարքին հարցնելու «եթէ կը մտածենք ժամանակ յատկացնել սրտի խնամքին. Աղօթքին եւ ուրիշներու ծառայութեան, Տիրոջ` որ մեր կեանքին նպատակն է»։

«Հոգիին ձէթը կը սնուցե՞մ ու զայն լաւապէս կը պահպանե՞մ» եղաւ Քահանայապետին հարցումներէն վերջինը, որմէ ետք Ան հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը, որպէսզի կարողանանք պահպանել ներքին կեանքին ձէթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2023, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >