Որոնել

2023.11.23 Albero di Natale issato in Piazza San Pietro

Սուրբ Ծնդեան տօնածառը հասաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ

«Piemonte» նահանգի նախագահ Ալպերթօ Չիրիոն նշեց` թէ. «Փիեմոնթէի մէջ ծառերը կարևոր են, ու թէ ծառը պատահական չէ կտրուած։ Այս եղևնին պէտք էր կտրել, քանի որ հրշէջները յայտնաբերած էին անոր փլուզման վտանգը՝ 56 տարուայ կեանքէն ետքը»։ Աւելին, անոր փայտը տօներէն յետոյ պիտի չի վատնուի` այլ «պիտի ուղարկուի մէկ ընկերութեան, որ զայն պիտի վերածէ երեխաներու համար խաղալիքներու, որոնք Քարիթասի միջոցաւ պիտի բաժնուին դժուարութիւն մէջ գտնուող մանուկներուն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 23 նոյեմբերի առաւօտեան` Իտալիոյ Քունէօ Մարզի Մաքրա քաղաքի Վալլէ Մարիա շրջանէն  Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանեց Սուրբ Ծննդեան տօնածառը։ 6500 քկ կշիռքով 28 մեթր բարձրութեամբ եղևնին,մեկնած էր երեքշաբթի՝ նոյեմբերի 21-ին։

«Piemonte» նահանգի նախագահ Ալպերթօ Չիրիոն նշեց` թէ. «Փիեմոնթէի մէջ ծառերը կարևոր են,  ու թէ ծառը պատահական չէ կտրուած։ Այս եղևնին պէտք էր կտրել, քանի որ հրշէջները յայտնաբերած էին անոր փլուզման վտանգը՝ 56 տարուայ կեանքէն ետքը»։ Աւելին, անոր փայտը տօներէն յետոյ պիտի չի վատնուի`   այլ «պիտի ուղարկուի մէկ ընկերութեան, որ զայն պիտի վերածէ երեխաներու համար խաղալիքներու, որոնք  Քարիթասի միջոցաւ պիտի բաժնուին դժուարութիւն մէջ գտնուող մանուկներուն»։

Ծառը պիտի զարդարուի  լոյսերով և աւելի քան 7 հազար չորցած «ալփեան աստղեր» տեսակի ծաղիկներով, որոնք նուէրն են Փիեմոնթէ նահանգի բուսամշակի մը։

Տօնածառի եւ Ռիեթի նահանգէն այս տարի ժամանող Սուրբ Մսուրի աւանդական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենան շաբաթ 9 դեկտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին։ Արարողութեան կը նախագահէ Վատիկան Պետութեան կառավարութեան նախագահ Կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծական մինչ առաւօտեան տօնածառի եւ մսուրի նուիրատուները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2023, 10:56