Որոնել

2023.10.19 Preghiera per i Migranti e Rifugiati

Մենք պէտք չէ վարժուինք պատերազմին` Ֆրանչիսկոս Պապ

«Իմ Քահանայապետութեան սկիզբը ըսի, որ մենք կ՛ ապրինք փոքր բեկորներով Գ համաշխարհային պատերազմը, այնուհետև ես պնդեցի, որ այդ բեկորները աստիճանաբար մեծցան, և այժմ կը կարծեմ, թէ անոնք դարձան միակ մեծ կտոր մը», կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը հարցազրոյցէն քաղուած հատուածի մը մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Մենք պէտք չէ վարժուինք պատերազմին, ոչ մէկ պատերազմի. Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեր սրտերն ու մտքերը անզգայացուին Աստուծոյ և մարդկանց դէմ այս շատ լուրջ սարսափներու կրկնութեան դիմաց»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երկուշաբթի 23 հոկտեմբերին Քահանայապետական «Իքս» ընկերային ցանցի վրայ կատարած գրառումը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Ֆրանչիսկոս Պապին «Ուքրանիոյ խաղաղութեան» նուիրուած առաքելական նամակը, որ հրատարակուած էր անցեալ դեկտեմբերին։

Պատերազմը «խելագարութիւններու» արդիւնք

Քահանայապետին պատերազմի նկատմամբ մտահոգութիւնները ու անոր մարգարէական խօսքերը ի լոյս կ՛ընծայուին իտալերէն լեզուով գիրք-հարցազրոյցի մը մէջ` որուն հեղինակներ են լրագրողներ Ֆրանչեսքա Ամպրոճեթթին՝ Արժանթինի Ansa լրատու գործակալութեան նախկին ղեկավարը, և Սերճօ Ռուպին` El Clarin թերթէն։ Հատորը սպաներէն լեզուով հրատարակուած էր «El Pastor» տիտղոսով իսկ այժմ կը կրէ «Առանձին չես» վերնագիրը

«Իմ Քահանայապետութեան սկիզբը ըսի, որ մենք կ՛ ապրինք փոքր բեկորներով Գ համաշխարհային պատերազմը, այնուհետև ես պնդեցի, որ այդ բեկորները աստիճանաբար մեծցան, և այժմ կը կարծեմ, թէ անոնք դարձան միակ մեծ կտոր մը», կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը հարցազրոյցէն քաղուած հատուածի մը մէջ։

«Ես կը շարունակեմ հաւատալ, որ մեծ ողբերգութիւն է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին յիշողութիւնը կորսնցնելը։ Օր մը, Նորմանտիայի դաշնային զօրքերու ափ դուրս գալու յիշատակումի արարողութեան ժամանակ, դիտարկելով հակամարտութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարները, ես մտածեցի, որ անոնք պէտք էին լալ։ Միայն այնտեղ մահացած էին գրեթէ 30 հազար մարդ։ Պատերազմը շարք մը խելագարութիւններու արդիւնք է» ըսած է միշտ Քահանայապետը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2023, 13:30