Որոնել

Լեվիսթոն քաղաքին մէջ ողբերգութիւնը Լեվիսթոն քաղաքին մէջ ողբերգութիւնը  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Լեվիսթոն քաղաքին մէջ պատահած աղէտի լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հեռագիրը Լեվիսթոն քաղաքի ճաշարանին մը մէջ տեղի ունեցած ցաւալի աղէտի ի լուր

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի լուր Լեվիսթոն քաղաքի ճաշարանի մը մէջ զէնքի հարուածով սպաննուած անձերուն աղէտին, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին ցաւակցական գիր յղեց որուն մէջ նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Լեվիսթոն քաղաքի ճաշարանին մը մէջ զէնքի կրակոցի պատճառով սպաննուած անձերուն լուրը ապահովուելով  Նորին Սրբութեան հոգեւոր մօտիկութիւնը բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ ողբալի աղէտէն, յատուկէն ընտանիքներուն, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելի հարազատները։

Կարդինալ Փարոլին ցաւակցական գիրին մէջ գրեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ զոհերուն հոգիները կը յանձնէ Ամենակալ Ողորմած Աստուծոյ ու կ՝աղօթէ վիրաւորներուն ամոքումին համար ինչպէս նաեւ խնամք տանող բժիշկներուն, ու բարձր կը գնահատէ օգնութեան հասնող անձերուն թափած ջանքերը ՝հասարակութիւն պաշտպանելու համար ու Լեվինսթոնի ժողովուրդի վրայ կը հայցէ Ամենակալին խաղաղութեան եւ ուժի օրհնութիւնները» գրեց Վատիկանի Պետքարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2023, 15:40