Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի նախագահական կազմի անդամ, տիար Տէնիս Պէչիրովիչ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի նախագահական կազմի անդամ, տիար Տէնիս Պէչիրովիչ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի նախագահական կազմի անդամ, տիար Տէնիս Պէչիրովիչը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի նախագահական կազմի անդամ, տիար Տէնիս Պէչիրովիչ հանիդպումին վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի նախագահական կազմի անդամ, տիար Տէնիս Պէչիրովիչ։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ, Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուած են երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները, անդրադառնալով նաեւ կարգ մը բաց հարցերուն Եկեղեցի – Պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ։

Կեդրոնացած են Երկրի ներքին իրականութեան վրայ եւ շեշտուած է որ խաղաղութեան եւ կայունութեան հիմքը՝ բաղկացուցիչ ժողովուրդներուն միջեւ ընկերային եւ իրաւական հաւասարութիւնն է ինչպէս նաեւ քաղաքական դերակատարներուն երկխօսութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում միջազգային իրավիճակի վերաբերեալ, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմներուն, ինչպէս նեաւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման դէպի Հիւսիսային Պալքան երկիրներու ու Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի եւրոպայի ուղեւորութեան մէջ արձանագրած յառաջդիմութիւններուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2023, 13:30