Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Սիւնհոդոս. Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ ունենալ Յիսուսի օրհնութեան նայուածքը

Սիւնհոդոսի բացումին առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզէն հատուած մը հրապարակուեցաւ Քահանայապետական ԻՔՍ ընկերային հաղորդամիջոցին վրայ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, «Իքս» ընկերային հաղորդամիջոցին վրայ հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին բացման առթիւ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզէն հատուած մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ որդեգրելու Յիսուսի օրհնութեան նայուածքը։

«Յիսուսի օրհնութեան նայուածքը հրաւէր է դառնալու եկեղեցի մը, որ չի դիմագրաւեր այսօրուան մարտահրաւէրները հակամարտութեան հոգիով այլ կը նայի Աստուծոյ աչքերուն, որ հաղորդութիւն է եւ զարմանքով ու խոնարհութեամբ կ՝օրհնէ ու կը պաշտէ Աստուած ճանչնալով որպէս իր միակ Տէրը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Նշենք թէ Ան երեկուայ քարոզին մէջ ի միջի այլոց ըսած էր. «Ապրելով մերժումն ու տեսնելով իր շուրջը սիրտի այդքան կարծրութիւնը, Քրիստոսը թոյլ չտուաւ, որ մխրճուի հիասթափութեան մէջ, Ան տխրութեան չմատնուեցաւ եւ ոչ իսկ դադրեցաւ փառաբանելէ , Իր սիրտը հիմնելով Հօր առաջնութեան վրայ, հանգիստ մնալով նոյնիսկ փոթորիկին մէջ»։  «Տիրոջ այս օրհնութեան նայուածքը հրաւէր է դառնալու եկեղեցի մը, որ ուրախ հոգիով կ՝օրհնէ Աստուծոյ արարքը եւ կը զատորոշէ ներկան» ըսաւ միշտ  Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ սիւնհոդոսին առաջնահերթ պարտականութիւնը հայեացքը վերակենդանացնելն է Աստուծոյ վրայ, դառնալու համար եկեղեցի մը, որ ողորմածութեամբ կը տեսնէ մարդկութիւնը։ Եկեղեցի մը, որ իր կեդրոն ունի Աստուած, որ ներսէն չբաժնուիր եւ արտաքինով երբեք անգութ չէ։ Յիսուս այսպէս կ՝ուզէ եկեղեցին, իր հարսը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2023, 13:30