Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Յիսուսի Սուրբ Սիրտի միսիոնարներ» միաբանութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Յիսուսի Սուրբ Սիրտի միսիոնարներ» միաբանութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թոյլ տուէք որ Աստուծոյ քնքշութիւնը ձեր ծրագիրները արմատապէս փոխէ»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու իր սիրտի խօսքը փոխանցեց «Յիսուսի Սուրբ Սիրտի միսիոնարներ» միաբանութեան անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուսի Սուրբ Սիրտի միսիոնարներ» միաբանութեան անդամները, անոնց 26 ընդհանուր նիստի առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Հայր Jules Chevalier, որ 8 դեկտեմբեր 1854ին, հիմնեց «Յիսուսի սուրբ Սիրտ միսիոնարներ» միաբանութիւնը  «Աշխարհի մէջ Աստուծոյ սէրը ճանչցնելու համար, մարդոց սէրը ընկալելու նպատակաւ», ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով ընդհանուր նիստի նիւթին վրայ, ուր կը խօսուի Էմմաուսի աշակերտներուն մասին, (Ղուկ 24,13-35). ընդգծեց երեք հիմնական կեցուածքներ, մտածելու համար միաբանութեան շնորհապարգեւին ինքնութեան եւ միսիոնարական առաքելութեան մասին. Աւետարանի միջոցաւ ճանչնալ Յիսուսի սիրտը, խորացնել Աւետարանի պատգամը եղբայրական բաժնեկցութեան ներքեւ , եւ աւետարանը բոլորին հռչակել առաքելութեան ուրախութեան մէջ։

Աւետարանի միջոցաւ ճանչնալ Յիսուսի սիրտը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Յիսուսին սուրբ գիրքի մասին տուած բացատրութիւնը Էմմաուսի ուղեւորութեան ընթացքին տեսական չէ, այլ վկայութիւնն է Անոր, որ կատարեց այն ինչ, որ խօսեցաւ, սիրելով Հայրն ու եղբայրները մինչեւ խաչը, ստանալով իր մարմնին վրայ քամերուն վէրքերն ու թոյլ տալով որ իր սիրտը խոցուի լոկ մաքուր սիրոյ համար։
Յիսուսի սուրբ սիրտը կը ճանչնանք խորհելով աւետարանին մէջ իր անսահան ողորմածութեան մասին, «սա է առաջին հրաւէրը ճանչնալ Յիսուսի սուրբ Սիրտը խորհելով աւետարանի շուրջ։

Խորացնել եւ ըմբռնել Աստուծոյ Խօսքը եղբայրութեան բաժնեկցութեան մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Էմմաուսի մէջ աշակերտները ճանչնալով Յիսուսը, զարմանքով հարց տուին ու մտածեցին իրենց ապրածին վերաբերեալ։ «Դա հրաւէր է նաեւ մեզի համար՝ ուրիշին նուիրելու մեր սիրտին մէջ յառաջացած զարմանքը, որ կը ծնի Յիսուսի հետ հանդիպումէն«, ըսաւ Սրբազան հրաւիրելով միաբանութեան անդամները, որ ամէն բանին հիմքը դնեն Քրիստոսի հետ հանդիպումի եղբայրութեան բաժնեկցութիւնը՝ Աւետարանին, սուրբ Խորհուրդներու եւ կեանքին մէջ։

Առաքելութեան մէջ ուրախալի աւետումը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Էմմաուսին աշակերտները Երուսաղեմ վերադարձան ու պատմեցին այն ինչ որ պատահեցաւ իրենց հետ ։«Աղքատները գաղթականները բազմաթիւ թշուառութիւնները եւ անդադարութիւնները կը շարունակուին վերանորոգուիլ ու հրատապ հարց կը դառնան։ «Այդ դժուարութիւններուն դիմաց մի վախնաք ներգրաւուիլ Քրիստոսի սիրտին կարեկցութեան մէջ, թոյլ տուէք անոնց սիրել Յիսուսը ձեր միջոցաւ եւ յայտնել Անոր ողորմածութիւնը ձեր բարեսիրական գործերուն միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին անոնց կատարած աշխատանքներուն համար հրաւիրելով խիզախութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը, հուսկ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2023, 11:18