Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իրալնտայի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իրալնտայի նախագահը  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրլանտայի նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Իրլանտայի նախագահին հետ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրլանտայի նախագահ, տիար Միքայէլ Տ. Հիկկինս։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն քարտուղար, Գերպայածռ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուած է Իրլանտայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ բարի յարաբերութիւններուն համար ու ընդհանուր անդրադարձ կատարուած է ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող որոշ հարցերուն։

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են նաեւ միջազգային բնոյթ ունեցող որոշ հարցեր, ինչպէս զարգացող երկիրներուն մէջ պարենային անվտանգութիւնը եւ աղքատութեան վերացման յանձնառութիւնը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը Laudate Deum, առաքելական յորդորագիրին հրապարակման լոյսին տակ, գաղթականութեան երեւոյթը առկայ աշխարհագրական նուրբ իրավիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ բազմակողմնութեան մը զարգացումը որ համարժէքօրէն կը համապատասխանէ ներկայ միջազգային իրավիճակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2023, 12:19