Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Տոն Ճոթթին խումբին անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Տոն Ճոթթին խումբին անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց մաֆիական միջավայրէն հեռանալու կանանց քաջութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հայր Լուիճի Չոթթիին խումբին պատկանող կանանց։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայր Լուիճի Չոթթիի ընկերակցութեամբ խումբ մը կանայք ու անոնց ուղղած խօսքին սկիզբը նշեց թէ «Յիսուսի առաքեալներուն միջեւ կային նաեւ կանայք ու այդ կիները կատարեալ անձեր չէն, « հրեշտակային», անոնք կեանքին մէջ փորձուած եւ երբեմն չարութեամբ վարակուած կանայք էին։« Յիսուս զանոնք քնքշութեամբ եւ կարեկցութեամբ ընդունեց ու ամոքեց։ Այդ կիները Յիսուսին հետ կատարեցին ազատութեան ուղեւորութիւնը ու զայն կատարեցին քալելով Յիսուսի եւ միւս առաքեալներու հետ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ «ազատ կը դառնանք՝ ոչ թէ կախարդութեամբ, այլ քալելով Տիրոջ հետ, կիսելով Անոր քայլերն ու ճանապարհը, որ կ՝անցնի յատկապէս խաչին միջեւ եւ Յարութիւնը կը շնորհէ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ապա Հայր Հայր Լուիճիի Չոթթիի խումբին կանանց ապրած միջավայրին, նշեց թէ անոնք մաֆիական յանցագործութեամբ ապականուած միջավայրերու մէջ ծնած, աճած ապա դուրս ելած կանայք են։ Ողջունեց կանանց ունեցած այդ քաջութիւնը, խրախուսելով զանոնք յառաջ երթալու՝ հակառակ բոլոր մտավախութիւններուն եւ շփոթութեան ու Հրաւիրեց այդ դժուար պահերուն մտածել իրենց կողքին քալող Յիսուսին ու յորդորեց միշտ իրենց մօտ պահեն Աւետարանի փոքրիկ գրքոյկ մը, ամէն օր զան կարդալով հանդարտութեան մէջ եւ երեւակայելով, որ Յիսուսի եւ առաքեալներու հետ կը գտնուին։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց է թէ Յիսուս ամէն օր կը քալէ մեր կեանքի ուղիին վրայյէն։ Անոր խաչը իմաստ կու տայ մեր կեանքի խաչերուն եւ Անոր Յարութիւնը յոյսի աղբիւր է։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար ապա վստահեցնելով իր աղօթքը բոլորին, յատուկէն անոնց սիրելի պարագաներուն եւ զաւակներուն, Տիրամօր օրհնութիւն ու հովանին հայցեց բոլորին համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2023, 11:58