Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոնսէռա»ի Տիրամօր եղբայրակցութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոնսէռա»ի Տիրամօր եղբայրակցութեան անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տիրամայրը Յարուցեալին ուժով կ՝ուզէ ծնիլ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ճառագայթող նոր աշխարհը մը »

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ու իր սիրտի խօսքը ուղղեց «Մոնսէռա»ի Տիրամօր եղբայրակցութեան անդամները՝ հիմնադրութեան 800 ամեակի առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 7 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մոնսէռա»ի Տիրամօր եղբայրակցութեան անդամները՝ հիմնադրութեան 800 ամեակի առթիւ։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց վերոյիշեալ եղբայրակցութեան անդամներուն տուած այցելութեան համար, որ կը զուգադիպի Վարդարանին Տիրամօր տօնին օրը. «Նշել Մարիամի տօնը, կը նշանակէ նշել Իր Ժողովուրդին կողքին գտնուող Աստուծոյ քնքշութեան ու մօտիկութեան տօնը, որ երբեք մինակ չթողուր, որ մեզի հոգ տանող ու ընկերացող Մայր մը տուաւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով վերոյիշեալ եղբայրակցութեան անդամներուն Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան կարգախօսին վրայ, «Ժողովրդային բարեպաշտութիւն, ընկերային բարեկամութիւն եւ Տիեզերական եղբայրակցութիւնը» հրաւիրեց յիշել 800 տարիներու հոլովոթյին, «Մոնսեռայ»ի մէջ թէ որքան հաւատացեալները այցելեցին Տիրամօր սրբավայրը ու աղօթեցին վարդարանը։ «Եւ կրնանք երեւակայել, թէ Տիրամայրը իր ջերմ սիրտին մէջ իր իւրաքանչիւր զաւակներուն կ՝ըսէ, ինչպէս ըսաւ Գանային մէջ, «ըրէք այն ինչ որ ձեզի Յիսուսը կ՝ըսէ» (Յովհ 2, 5), ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա զրուցելով ժողովրդային բարեպաշտութեան մասին նշեց որ ժողովրդային բարեպաշտութեան աւետարանական ուժը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ, որպէսզի ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան արմատները արմատանան։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ Մոնսեռայի Սուրբ Կոյսը՝ աշխարհը իր բազուկներուն մէջ կը հրաւիրէ ապրելու տիեզերական եղբայրութիւն առանց սահմանի, առանց բացառութիւններու, որ կը փարատէ փակ միջավայրի շուքը։

«Տիրամայրը ուշադիր է ոչ միայն Յիսուսին, այլեւ իր բոլոր ժառանգորդներուն հանդէպ։ Ան Յարուցեալին ուժով կ՝ուզէ ծնիլ նոր աշխարհ մը ուր բոլորս եղբայրներ ենք, ուր տեղ կայ մեր ընկերութեան բոլոր մեկուսացեալներուն եւ ուր կը ճառագայթէ արդարութիւնն ու խաղաղութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենք առաքելութիւնը, նկատելով որպէս պարգեւ ու պարտականութիւն։

Ապա Հայցելով բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ու օգնութիւնը միասնաբար քալելու համար խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։ « Շնորհակալութիւն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2023, 10:06