Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ տիար  Ronald Steven Lauder, հրէական միջազգային համագումարի վեհաժողովի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ տիար Ronald Steven Lauder, հրէական միջազգային համագումարի վեհաժողովի նախագահը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հրէական միջազգային համագումարի վեհաժողովի նախագահը

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին յայտարութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ հրէական միջազգային համագումարի վեհաժողովին հետ հանդիպումին վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 19 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հրէական համաշխարհային վեհաժողովի նախագահ, Ronald Steven Laude Սոյն հանդիպումը նախապէս համաձայնուած էր անցեալ սեպտեմբերին, նախագահին կողմէ ներկայացուած խնդրանքով, ինչպէս նաեւ հաստատած էր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթթէօ Պրունին պատասխանելով կարգ մը լրագրողներու հարցումներուն։

«Կրնամ հաստատել, որ այսօրուան ֆրանչիսկոս Պապին, Հրէական համաշխարհային վեհաժողովի նախագահ տիար Ronald Steven Lauder-ի ինչպէս նաեւ միեւնոյն վեհաժողովի կարգ մը անդամներուն հետ հանդիպումը համաձայնուած էր անցեալ սեպտեմբեր ամսոյն սկիզբը», ըսաւ Մաթթէօ Պրունին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2023, 11:29