Որոնել

2023.09.07 Vescovi di Territori di Missione

Քրիստոսին աւետիսը` յոյսի աւետիս է. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Ֆրանչիսկոս Պապը այսօրուան գրառումը կատարեց մատնանշելով Հոկտեմբեր ամսուան որ ընդհանրապէս նուիրուած է «առաքելութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

«Քրիստոսին աւետիսը` յոյսի աւետիս է. Ան, փաստօրէն, կը ճանչնայ մեր սրտերուն մէջ կրած տագնապներն ու սպասումները, ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կը նշանաւորեն մեր կեանքը, խաւարները, որոնք մեզ կը ճնշեն և հաւատքը` որ նման գիշերուան մէջ երգի մը, կը բարձրացնենք Երկինք: #ՀոկտեմբերՄիսիոներ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր` 19 Հոկտեմբերին, «ԻՔՍ» ընկերային ցանցի վրայ կատարած գրառումը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան հարաւային Սուտան կատարած առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագի քարոզէն, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց հրաւիրած էր հարաւային Սուտանի կաթողիկէ հաւատացեալները ըլլալու «Երկրին աղը» որ «կը տարածուի եւ կը հալի վեհանձնութեամբ, Հարաւային Սուտանը համեմելով Աւետարանի եղբայրութեամբ»։ Ան ապա խրախուսած էր զանոնք ըլլալու «լուսաւոր քրիստոնեայ հասարակութիւն մը» որ «բարութեան լոյսը կը սփռէ բոլորին վրայ, ցոյց տալով, որ գեղեցիկ ու կարելի է ապրիլ ձրի անձնուիրումը, ունենալ յոյս ու բոլորս միասին կառուցել հաշտութեան ապագայ մը»։

Ֆրանչիսկոս Պապը այսօրուան գրառումը կատարեց մատնանշելով Հոկտեմբեր ամսուան որ ընդհանրապէս նուիրուած է «առաքելութեան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2023, 13:30