Որոնել

2019.09.30 Santa Teresa di Lisieux

Ֆրանչիսկոս Պապ Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզան ցոյց կու տայ Եկեղեցւոյ մէջ էականը` սէրն ու վստահութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին “C’est la Confiance” վերտառութեամբ առաքելական նամակը նուիրուած Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզային որուն կը նշուի ծննդեան 150 ամեակը։ Անոր «փոքր ճանապարհը» մեզ կը խրախուսէ հաւատալու Աստուծոյ անհուն սիրոյ ու Քրիստոսին հետ հանդիպումը ապրելու ուրիշներու նկատմամբ բացուածքով։ «Եկեղեցւոյ իմ Մօրս Սրտին մէջ, պիտի ըլլամ Սէր» գրած է Թերեզան որ մահացած է 24 տարեկանին ու հռչակուած Առաքելութիւններու պաշտպան սրբուհին։

Ռոպէր Աթթարեան – Ատրիանա Մազոթթի - Վատիկան

«Վստահութիւնն է և ոչ ուրիշ բան քան վստահութիւնը, որ մեզ պէտք է տանի դէպի Սէրը»: 1896 թուականի սեպտեմբերին Մանուկ Յիսուսին Եւ Սուրբ Դէմքի Սրբուհի Թերեզայի կողմէն գրուած այս խօսքերուն է` որ կը ներշնչուի Քահանայապետի առաքելական յորդորի բնաբանը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ նուիրած է Լիզիէօյի սրբուհիին:

Քահանայապետերու ճանաչումներ

Նամակին մէջ Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ պատմութեան ընթացքին Քահանայապետերուն կողմէ Սրբուհիին վկայութեան վերապահուած արժեւորումներուն` սկսեալ Լեւոն ԻԳ Քահանայապետէն որ անոր արտօնութիւն շնորհեց 15 տարեկանին մտնելու Վանք, ապա Պիոս ԺԱ Պապը, որ զայն Սրբուհի հռչակեց 1925 թուականին ապա 1927 առաքելութիւններու պաշտպան սրբուհի, հուսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որ 1980 թուականին զայն հռչակեց Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Միսիոներական հոգիի մը սէրը Յիսուսին հանդէպ

Սրբուհի Թերեզինան իր խցիկին մէջ գրած էր. «Յիսուսն է իմ միակ սէրը» (8) եւ վերլուծելով անոր հոգեւոր փորձառութիւնը Սրբազան Պապը նկատել կու տայ

Յիսուսին հետ հանդիպումը «զայն կը կոչեր առաքելութեան», մինչեւ այն աստիճան որ Ան չէր կարող պատկերացնել «իր Աստուծոյ նուիրումը առանց իր եղբայրներու բարօրութիւնը փնտռելու»։ Ան արդարեւ Կարմեղեան Վանք մտած է «փրկելու համար հոգիները» (9)։

Վստահութեան ու սիրոյ ճամբան

Քահանայապետը կ՛ընդգծէ Սրբուհի Թերեզային հոգեւորականութեան սիրտը, այդ «փոքր ուղին» որ ճանչցուած է որպէս հոգեւոր մանկութեան ուղի։ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզային համար կարևորը Աստուծոյ գործողութիւնն է, շնորհքը, ոչ թէ անձնական արժանիքները, քանի որ Տէրն է որ կը սրբացնէ։

«Հետևաբար, ամենայարմար վերաբերմունքը սրտի վստահութիւնը մեզմէ դուրս դնելն է` Աստուծոյ անսահման ողորմութեան վրայ, որ կը սիրէ անսահման կերպով և որ ամեն ինչ շնորհեց Յիսուսի Խաչին մէջ» (20), կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յանձնում Հօր ձեռքերուն մէջ

Մեր գոյութեան ընթացքին, ուր յաճախ, «մեզ կը պատեն վախերը, մարդկային անվտանգութեան ցանկութիւնը, ամէն ինչի վրայ վերահսկելու անհրաժեշտութիւնը» (23), վստահութիւնը և, հետևաբար, Աստուծոյ յանձնուիլը, որ Թերեզինան կը քարոզէ, «մեզ կ՛ազատէ մոլուցքային հաշուարկներէն, ապագայի մասին մշտական ​​մտահոգութեամբ, խաղաղութիւնը խլող վախերէն: (…) Եթէ մենք կը գտնուինք մեր Հօր ձեռքերուն մէջ, որ մեզ կը սիրէ անսահման կերպով, այդ մէկը իրականութիւն է` որեւէ հանգամանքի պարագային, եւ ինչ որ ալ պատահի մենք կարող ենք յառաջ ընթանալ» (24), կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

Ողորմութեան նկատմամբ վստահութիւն

Երիտասարդ կարմեղիանցիին հոգևոր կեանքը զերծ չէր փորձութիւններէն, նոյնիսկ հաւատքի դէմ: Այդ շրջանին ժամանակակից անաստուածութիւնը մեծապէս կ՛ ընդլայնուէր, և ինք ինքզինք «քոյր կը զգում անաստուածներուն» (26), կը բարեխօսէ և իր կեանքը կը նուիրէ անոնց համար, նորոգելով իր հաւատքի դաւանանքը։ Ան կը հաւատայ Աստուծոյ անսահման ողորմութեան։ Աստուծոյ մէջ ամէն ինչ սէր է, նոյնիսկ Արդարութիւնը: «Ահա այս է Թերեզինայի ամենակարևոր յայտնագործութիւններէն մէկը – կը հաստատէ Սրբազան Պապը, - ամենամեծ ներդրումներէն մին որ ան մատուցեց Աստուծոյ համայն ժողովուրդին: Արտասովոր կերպով Ան թափանցեց աստուածային ողորմութեան խորքերը և այնտեղէն քաշեց անոր անսահման յոյսի լոյսը» (27), կը նշէ Նորին Սրբութիւնը։

«Իմ Մայր Եկեղեցւոյ սրտին մէջ` ես Սէր պիտի ըլլամ»

Ավիլայի Սրբուհի Թերեզայէն Թերեզինան ժառանգեց, «մեծ սէր Եկեղեցւոյ հանդէպ և կարողացաւ հասնիլ այս խորհուրդին խորքերը»։ Ան« Հոգիի մը պատմութիւնը գրքին մէջ կը գրէ. «Ես հասկացայ, որ Եկեղեցին սիրտ ունի, և որ այս Սիրտը լուսաւորուած է Սիրով: Եւ յետոյ. «Իմ Մայր Եկեղեցւոյ սրտին մէջ, ես Սէր պիտի ըլլամ»(39):

«Ասիկա յաղթական Եկեղեցւոյ սիրտը չէ, այլ սիրող, խոնարհ և ողորմած Եկեղեցւոյ սիրտ է: (…) Եկեղեցւոյ սրտի այս յայտնագործութիւնը նաև մեծ լոյս է մեզի համար այսօր, որպէսզի չի գայթակղինք եկեղեցական հաստատութեան սահմանափակութեամբ,թուլութիւններով, խաւարով և մեղքերով» (41) կը մեկնաբանէ Նորին Սրբութիւնը։

Ի վերջոյ միայն սէրն է կարևոր

Առաքելական նամակին վերջին գլուխին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը բացատրէ թէ առաքելական այս յորդորը իրեն թոյլ կու տայ յիշեցնել, այնպէս ինչպէս կը կարդանք «Evangelii Gaudium»ի մէջ, թէ միսիոներական եկեղեցւոյ մէջ «Հռչակումը կը կեդրոնանայ էականին վրայ, ամենագեղեցիկին, ամենամեծին, աւելիով գրաւիչին ու միաժամանակ աւելի անհրաժեշտին վրայ» (47): «Ի վերջոյ,- կը գրէ Քահանայապետը ,- միայն սէրը կարևոր է» և դիմելով աստուածաբաններուն ու բարոյախօսներուն ան կ՜ըսէ. «Մենք տակաւին պէտք է հասկանանք Թերեզինայի այս փայլուն միտքը և անորմէ քաղենք տեսական և գործնական, վարդապետական​​և հովուական, անձնական և համայնքային հետևանքները: Այս ընելու համար անհրաժեշտ է յանդգնութիւն և ներքին ազատութիւն» (50):

«Փոքր ուղիի» արդիականութիւնը

Աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ «փոքր ուղիի» հիմնական կողմերը և անոնց արդիականութիւնը: Ան ապա յորդորագիրը կը փակէ կարճ աղօթքով, որուն մէջ, ի թիւս այլ բաներու, կ՛ըսէ. «Սիրելի սուրբ Թերեզինա, օգնէ մեզի միշտ քեզի նման միշտ վստահութիւն ունենալու այն մեծ սիրոյն, որ Աստուած ունի մեր հանդէպ, որպէսզի մենք ակ կարողանանք ամէն օր ընդօրինակել քու սրբութեան փոքրիկ ուղին» (53):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2023, 10:00