Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը օր մեռելոցի սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ Հռոմի զինուորական գերեզմանատան մէջ

3 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ ի յիշատակ հանգուցեալ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին որ վախճանեցաւ անցեալ 31 դեկտեմբեր 2022ին։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեա ն - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 2 նոյեմբերին օր մեռելոցի սուրբ Պատարագը կը մատուցանէ Հռոմի War Cemetery գերեզմանատան մէջ։ Լուրը հաղորդեց քահանայապետական տունը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը։

Rione Testaccio շրջանին մէջ զետեղուած պատերազմի յուշահամալիրին մէջ պահպանուած են Հռոմի մէջ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին սպաննուած Commonwealthի պատկանող զինուորներու մասունքները։

Ամէն տարի ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյեմբերի երկուքին՝ օր մեռելոցին արարողութեան համար կ՝ընտրէ ցաւի եւ յիշողութեան խորհրդանշական վայր. Լաուրենթինօ գերեզմանատունը, Ֆրանսական զինուորական գերեզմանատունը, Վերանոյին գերեզմանատունը, Նեթունոյ Ամերիկեան գերեզմարանը։ Անցեալ տարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Պահրէյն մեկնելէ առաջ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, մահացած կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներուն դիտաւորութեամբ մատուցած սուրբ պատարագէն ետք այցելեց ու առանձնական աղօթք կատարեց Camposanto Teutonico գերեզմանատան մէջ։

Նշենք, թէ այսօր Ծիսական տօնակատարութիւններու գրասենեակը հաղորդեց նաեւ որ յառաջիկայ 3 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ ի յիշատակ հանգուցեալ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին, որ վախճանեցաւ անցեալ 31 դեկտեմբեր 2022ին, ինչպէս նաեւ անցեալ տարի մահացած կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներուն հոգիներու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 10:23