Որոնել

«Մայր` մեր ձեռքէն բռնած առաջնորդէ մեզ». «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ»` աղօթքի արարողութեան Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը

Դուն, փրկութեան արշալոյսը, բաց լոյսի շողեր հակամարտութիւններու գիշերուան մէջ: Դուն, Սուրբ Հոգիի բնակարան, խաղաղութեան ուղիներ ներշնչէ ազգերու առաջնորդներուն: Դուն, Տիրուհի բոլոր ժողովուրդներու, հաշտեցուր քու զաւակներդ՝ որոնք խաբուած են չարէն, կուրացած իշխանութիւնէն ու ատելութիւնէն։ Դուն, որ ամէն մէկուն մօտ ես, կրճատէ մեր տարածքները։ Դուն, որ կը կարեկցիս բոլորին, սորվեցուր մեզի հոգ տանիլ ուրիշներուն։ Դուն, որ կը բացայայտես Տիրոջ քնքշութիւնը, մեզ վկայ դարձուր անոր մխիթարութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը 27 հոկտեմբերը հռչակած էր աղօթքի, ծոմապահութեան ու ապաշխարութեան օր ու ճիշտ այս օրուան առիթով Ան, երեկոյեան ժամը վեցին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախագահեց խաղաղութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի եւ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան արարողութեան, որուն միացան աշխարհի չորս ծագերէն հաւատացեալներ եւ որուն ընթացքին Ան արտասանեց Տիրամօր նուիրուած խաղաղութիւն հայցող աղօթք մը։

Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ
Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ

«Մարիամ` նայէ մեզի։ Կը գտնուինք քու առջեւդ։ Դուն Մայր ես, կը ճանչնաս մեր յոգնութիւնները ու մեր վէրքերը։ Խաղաղութեան Թագուհի, մեզի հետ ու մեզի համար կը տառապիս, տեսնելով քու զաւակներէդ շատեր, որոնք բեռնաւորուած են հակամարտութիւններու պատճառաւ, անձկութեան մէջ են աշխարհը յօշոտող պատերազմներու պատճառաւ» ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով աղօթքին։

«Այս խաւար պահուն, ասիկա խաւար պահ է ով Մայր, մենք կը մխրճուինք քու լուսաւոր աչքերուդ մէջ ու կը յանձնուինք քու սրտիդ, որ զգայուն է մեր հարցերուն» յարեց ապա Ան, ակնարկելով Սուրբ Կոյս Մարիամի ապրած դժուարութիւններուն` երբ տեղ չգտաւ Յիսուսին համար ու անոր վախին` Եգիպտոս փախչելու ատեն ու նաեւ անոր ապրած անձկութեան` երբ Յիսուսը կորսնցուց ու զայն գտաւ Ժողովարանին մէջ։

Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ
Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ

«Դուն փորձանքներու ժամանակ եղար յանդուգն ու քաջ, Աստուծոյ վրայ վստահեցար ու մտահոգութեան համապատասխանեցիր հոգատարութեամբ, վախին` սիրով, անձկութեան` նուիրումով» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց Սուրբ Կոյս Մարիամին Եղիսաբեթին տուած այցելութեան, Կանայի հարսանիքի ժամանակ Յիսուսէն խնդրած հրաշքին, ու վերնատան մէջ աշակերտները իրար միացած պահելուն, հուսկ գողգոթայի վրայ իր զաւկին մահուան` ուր Ան «ցաւի այդ գիշերուան մէջ հիւսեց զատկական յոյսը»։

«Այժմ` ով Մայր, անգամ մը եւս մեզ առաջնորդէ, հակամարտութիւններէ յօշոտուած ու զէնքերով աւերուած այս ժամանակներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը խնդրելով, որ Տիրամայրը իր «գթասիրտ հայեացքը ուղղէ մարդկային ընտանիքին վրայ, որ կորսնցուցած է խաղաղութեան ուղին, որ Կայէնը նախընտրած է Աբէլին, և որ կորսնցնելով եղբայրութեան զգացումը, կարող չէ դարձեալ վերագտնել տան մթնոլորտը»։

Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ
Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ

«Բարեխօսէ՛ վտանգի և խռովութեան մէջ գտնուող մեր այս աշխարհին համար: Սորվեցուր մեզի ողջունել և հոգ տանել կեանքին՝ իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի և մերժել պատերազմի խելագարութիւնը, որ մահ կը սերմանէ և ապագան կը ջնջէ» ըսաւ Քահանայապետը ու շարունակեց.

«Մարիամ, դուն բազմիցս եկար մեզի ընդառաջ՝ խնդրելով աղօթք և ապաշխարութիւն։ Մենք, սակայն, մեր կարիքներով տարուած և աշխարհիկ բազմաթիւ հետաքրքրութիւններով շեղուած, խուլ եղած ենք այդ հրաւէրներու նկատմամբ։ Բայց դուն, որ մեզ կը սիրես, մեզմէ չես յոգնիր։ Բռնէ մեզ մեր ձեռքերէն, առաջնորդէ մեզ դէպի դարձի ճամբայ, այնպէս ըրէ` որ Աստուած դնենք առաջին տեղը։ Օգնէ մեզի պահպանելու Եկեղեցւոյ մէջ միասնութիւնը և ըլլալու աշխարհին մէջ` հաղորդութեան արհեստաւորներ։

Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ
Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ

Յիշեցուր մեզի մեր դերի կարևորութիւնը, մեզ պատասխանատու զգացուր խաղաղութեան համար, կոչուած` աղօթելու և երկրպագելու, բարեխօսելու համայն մարդկային ցեղին համար:

Մայր` մենք առանձին կարող չենք, առանց Քու Զաւկիդ ոչ մէկ բան կարող ենք ընել։ Բայց դուն մեզ կը վերադարձնես Յիսուսին, որ մեր խաղաղութիւնն է։ Ասոր համար Մայր Աստուծոյ ու մեր մայրը, մենք քեզի կու գանք, կը փնտռենք ապաստան Քու անարատ սրտիդ մէջ։

Մենք ողորմութիւն կը խնդրենք` Մայր ողորմութեան. խաղաղութիւն, խաղաղութեան Թագուհի: Ցնցէ ատելութեան թակարդին մէջ յայտնուածներուն հոգիները, դարձի բեր անոնք, որոնք կը հրահրեն ու կը սնուցեն հակամարտութիւններ: Սրբէ մանուկներուն արցունքները,  - այս պահուն անոնք կու լան - աջակցիր անոր, որ մինակ ու տարեց է, թիկունք կանգնէ վիրաւորներուն և հիւանդներուն, պաշտպանէ անոնք, որոնք ստիպուած եղած են լքել իրենց հայրենիքը և իրենց սիրելիները, մխիթարէ յուսահատները, արթնցուր յոյսը։

Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ
Խաղաղութեան նուիրուած աղօթք Սուրբ Պետրոսի մէջ

Մենք քեզի կը վստահինք ու կը նուիրենք մեր կեանքը, մեր էութեան իւրաքանչիւր մանրաթել, այն ինչ` որ ունինք և ենք, յաւիտեան: Մենք եկեղեցին քեզի կը նուիրենք, որպէսզի աշխարհին վկայելով Յիսուսին սէրը, ան ըլլայ ներդաշնակութեան նշան և խաղաղութեան գործիք: Մենք քեզի կը նուիրենք մեր աշխարհը, յատկապէս քեզի կը նուիրենք պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներն ու տարածաշրջանները:

Հաւատացեալ ժողովուրդը քեզ կը կոչէ`  փրկութեան արշալոյս,  Մայր բաց լոյսի շողեր հակամարտութիւններու գիշերուան մէջ: Դուն, Սուրբ Հոգիի բնակարան, խաղաղութեան ուղիներ ներշնչէ ազգերու առաջնորդներուն: Դուն, Տիրուհի բոլոր ժողովուրդներուն, հաշտեցուր քու զաւակներդ՝ որոնք խաբուած են չարէն, կուրացած իշխանութիւնէն ու ատելութիւնէն։ Դուն, որ ամէն մէկուն մօտ ես, կրճատէ մեր տարածքները։ Դուն, որ կը կարեկցիս բոլորին, սորվեցուր մեզի հոգ տանիլ ուրիշներուն։ Դուն, որ կը բացայայտես Տիրոջ քնքշութիւնը, մեզ վկայ դարձուր անոր մխիթարութեան։ Մայր` դուն Խաղաղութեան Թագուհի, մեր սրտերուն մէջ զեղուր Աստուծոյ ներդաշնակութիւնը։ Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2023, 18:59