Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սիւնհոդոսը մաքսատուն չէ այլ հիւրընկալ եկեղեցւոյ փորձառութիւն»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քարոզը, Եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին բացման առթիւ գլխաւորած սուրբ Պատարագի ընթացքին։ «Սիւնհոդոսը խորհրդարան կամ բարեփոխումներու ծրագիրներ իրականացնելու համար ժողով մը չէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորութեամբ Սուրբ Պատարագով բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 25 հազար հաւատացեալներ։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը, որուն մէջ կը խօսուի Յովհաննէս Մկրտիչի մասին, որ «Բանտին մէջ լսելով Յիսուսին գործերը, իր աշակերտներուն ձեռքով հարցնելու ղրկեց. «Թէ դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար՝ թէ ուրիշի սպասենք», (Մատթ. 11,2-24)։

Աստուծոյ Արքայութիւնը յայտնուած պարզերուն

«Այսօրուան Աւետարանը կը խօսի Յիսուսի առաքելութեան դժուար պահի մը մասին, որ կրնանք սահմանել հովուական ծառայութեան ամայութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, «Յովհաննէս Մկրտիչը կը կասկածի, թէ իսկապէս Ան է Մեսիան... Սակայն կը տեսնենք, որ Յիսուս չմխրճուիր տխրութեան մէջ, այլ աչքերը երկինք կը բարձրացնէ Աստուած օրհնելու համար, որովհետեւ «պարզերուն է, որ յայտնեց Աստուծոյ Արքայութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ «Անմխիթարութեան պահուն, Յիսուս ունեցաւ հայեացք մը, որ կարողութիւնն ունի անդին տեսնելու. կը փառաբանէ Աստուծոյ իմաստութիւնը, կը կարենայ թաքնուած բարին տեսնել, աճող Խօսքին սերմը՝ ընդունուած պարզերու կողմէ, տեսնել Աստուծոյ Արքայութիւնը, որ գիշերուան մէջ կ՝ընթանայ։

Ակնարկելով ապա սիւնհոդոսին, որուն բացումը կը կատարուի այսօր, Սրբազան պապը նկատել տուաւ, որ «Բոլորս հոս կը գտնուինք ոչ թէ խորհրդարանական ժողով մը գումարելու կամ բարեփոխումներու ծրագիր մը իրականացնելու, այլ հոս ենք ընթանալու համար Յիսուսի նայուածքով որ Հայրը կ՝օրհնէ եւ կ՝ընկալէ յոգնածներն ու ընկճուածները։ Հետեւաբար սկսինք Յիսուսի նայուածքով, որ օրհնող եւ հիւրընկալող նայուածք է», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Օրհնող նայուածք

«Ապրելով մերժումն ու տեսնելով իր շուրջը սիրտի այդքան կարծրութիւնը, Քրիստոսը թոյլ չտուաւ, որ մխրճուի հիասթափութեան մէջ, Ան տխրութեան չմատնուեցաւ եւ ոչ իսկ դադրեցաւ փառաբանելէ , Իր սիրտը հիմնելով Հօր առաջնութեան վրայ, հանգիստ մնալով նոյնիսկ փոթորիկին մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայր ընդգծելով, որ Տիրոջ այս օրհնող նայուածքը հրաւէր է դառնալու եկեղեցի մը, որ ուրախ հոգիով կ՝օրհնէ Աստուծոյ արարքը եւ կը զատորոշէ ներկան։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ սիւնհոդոսին առաջնահերթ պարտականութիւնը հայեացքը վերակենդանացնելն է Աստուծոյ վրայ, դառնալու համար եկեղեցի մը, որ ողորմածութեամբ կը տեսնէ մարդկութիւնը։ Եկեղեցի մը, որ իր կեդրոն ունի Աստուած, որ ներսէն չբաժնուիր եւ արտաքինով երբեք անգութ չէ։ Յիսուս այսպէս կ՝ուզէ եկեղեցին, իր հարսը»։

Յիսուսի հիւրընկալող նայուածք

«Յիսուս Իր Հայրը կը փառաբանէ որովհետեւ փոքրիկներուն, պարզերուն եւ հոգիով աղքատներուն մէջ կը յայտնուի, Հետեւաբար ամբողջ կեանքի ընթացքին, Ան կ՝որդեգրէ այս հիւրընկալ նայուածքը տկարներուն, տառապողներու եւ մեկուսացողներուն հանդէպ» ըսաւ Սրբազան հայրը ընդգծելով, որ «Յիսուսի այս հիւրընկալ նայուածքը մեզի համար հրաւէր է` դառնալու հիւրասէր եկեղեցի մը։»

Ակնարկելով ապա ժամանակակից աշխարհը յուզող հարցերուն ինչպէս նաեւ հովուական ծառայութեան նոր մարտահրաւէրներուն, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Յիսուսի օրհնող եւ հիւրընկալող նայուածքը, թոյլ կու տայ չմատնուելու կարգ մը դժուար փորձութիւններուն, չդառնալու խիստ եկեղեցի մը, որ կը զինուի աշխարհի դէմ եւ ետեւը կը նայի, ինչպէս նաեւ յոգնած եկեղեցի մը...։

Քալել Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի շուքին տակ

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց միասնաբար ընթանալու՝ ուրախ, ջերմեռանդ ու խոնարհ։ Հրաւիրեց քալել Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին շուքին ներքեւ, «աղքատութեան եւ խաղաղութեան սուրբը, Աստուծոյ խելագարը, որ իր մարմնին մէջ կրեց Յիսուսին վէրքերը ու մերկացաւ ամէն բաներէ։ Սուրբ Պոնավենթուրան կը պատմէ, թէ մինչ կ՝աղօթէ Խաչուածը իրեն կ՝ըսէ` գնայ եւ նորոգէ իմ եկեղեցիս (Legenda maior, II, 1), ըսաւ Սրբազան Հայրը, ընդգծելով, որ «Սիւնհոդոսը կը ծառայէ մեզի յիշեցնելու, թէ մեր Մայր եկեղեցիին միշտ կարիքը ունի մաքրութեան եւ նորոգումի, որովհետեւ մենք բոլորս ներուած մեղաւոր ժողովուրդ ենք, ու միշտ կարիքը ունինք վերադառնալու այն աղբիւրին, որ է Յիսուսը եւ ընթանալու Սուրբ Հոգիին ուղիներուն վրայէն, հասնելու համար բոլորին, Իր Աւետարանով»։

Բացուիլ Սուրբ Հոգիին

«Եթէ Աստուծոյ ժողովուրդը իր հովիւներով ժամանած աշխարհի բոլոր ծայրերէն ակնկալիքներ, յոյսեր ունի եւ որոշ մտավախութիւն մեր սկսած սիւնհոդոսի հետ կապուած, դարձեալ յիշենք, որ անիկա քաղաքական նիստ մը չէ, այլ շնորհքի եւ հաղորդութեան վայր» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով բացուելու Սուրբ Հոգիին ու Անոր հետ ընթանալու վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 11:07