Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եթէ երիտասարդ մը անշարժ մնայ կը ժանգոտի»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Էլ Սալվատորի մէջ երիտասարդաց հաւաքի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հարցազրոյցի մը ընթացքին հակիրճ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց յառաջիկայ 25 նոյեմբերին, Էլ Սալվատորի Սրբուհի Անա քաղաքին մէջ կայանալիք երիտասարդներու ազգային օրուան հաւաքի մասնակիցներում։

Արդարեւ , Էլ Սալվատորէն խումբ մը երիտասարդներ, ծխականներ եւ հասարակութիւններ տարածեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատկերասփռուած պատգամ, որուն մէջ ըսաւ

«Կը կարծեմ, թէ 25 նոյեմբերին կը նշուի Էլ Սալվատորի երիտասարդաց օրը, մի՛ մնաք տան մէջ գացէ՛ք, շարժեցէ՛ք,  որովհետեւ երիտասարդ մը եթէ անշարժ մնայ կը ժանգոտի եւ շատ տխուր է տեսնել ժանգոտած երիտասարդ մը, քաջութիւնը ունեցէք ու գացէք մասնակցեցէք։ Չիաօ»։

Նշենք ,թէ Էլ Սալվատորի մէջ երիտասարդներու ազգային օրուան բնագիրն է «Յոյսի մէջ ուրախ, ուղեւորութեան մէջ Տիրամայրը մեզի կ՝ընկերանայ»։

Էլ Սալվատորի մէջ երիտասարդներու հաւաքէն տեսերիզ մը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2023, 12:36