Որոնել

ITALY POPE FRANCIS

Քահանայապետը երիտասարդներուն. հոգ տանիլ երկրի տնտեսութեան, որպէսզի ունենանք եղբայրներու աշխարհ

«Տնտեսութեամբ զբաղիլը կը նշանակէ հոգ տանիլ հասարակաց տան եւ այս մէկը կարելի չէ եթէ մեր աչքերը մարզուած չեն աշխարհը դիտելու արուարձաններէն» կը հաստատէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորելով նաեւ տեղ տալ կիներու հայեացքներուն` որոնք շատ աւելիով ուշադիր են իրականութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այն տնտեսութիւնը, որ կը սպանէ, կը բացառէ, կ՛ապականէ, պատերազմ կը յառաջացնէ, տնտեսութիւն չէ»: Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամն է սա ուղղուած ամբողջ աշխարհէն երիտասարդ տնտեսագէտներուն եւ ձեռներէցներուն, որոնք հինգշաբթի 6 հոկտեմբերին համախմբուած էին առցանց և ներկայութեամբ Ասսիզիի սրբավայրին մէջ՝ «Ֆրանչիսկոյի տնտեսութիւն» չորրորդ տարեկան ձեռնարկին առիթով։

Տնտեսութեան իսկական բնութիւնը` ներառումի եւ համագործակցութեան վայր ըլլալն է

«Հակամարտութիւններու համար զէնքի վաճառքը, շահոյթը «ամենախոցելիներու և անպաշտպաններու հաշիւին, ինչպիսիք են անոնք, որոնք կը լքեն իրենց երկիրը՝ փնտռելով աւելի լաւ ապագայ» և «կենսամիջոցներու և մարդկանց շահագործումը`«հինաւանդութիւն են, բուն տնտեսութեան և անոր կոչումին այլասերում» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ որուն ընթերցումը կատարեցին հինգ լեզուներով հինգ երիտասրադներ, որուն մէջ Ան կը  հաստատէ` որ տնտեսութեան իսկական բնութիւնը «ներառումի եւ համագործակցութեան վայր ըլլալն է, արժէքներու շարունակական վերածնունդ, որ պէտք է ստեղծել եւ դնել շրջանառութեան մէջ»։

Քահանայապետը կը բացատրէ` թէ «փոքրը պէտք ունի մեծին, շօշափելին վերացականին, պայմանագիրը` պարգեւին, աղքատութիւնը` բաժնեկցուած հարստութեան», դիտել տալով, որ կան նաեւ հակասութիւններ` որոնք ներդաշնակութիւն չեն ստեղծեր, ինչպէս «քիչերու համար հսկայական հարստութեան տնտեսութիւնը» որ «ներդաշնակ չէ չափազանց շատ աղքատներու հետ, որոնք ապրելու ճանապարհ չունին», կամ «զէնքի հսկայ առուտուրը», որ չի համապատասխաներ «խաղաղութեան տնտեսութեան», ապա «մոլորակը աղտոտող և կործանող տնտեսութիւնը», որ «ոչ մէկ ամփոփում կը գտնէ մոլորակը յարգողի և պաշտպանողի հետ»։

Հոգ տանիլ յարաբերութիւններուն

Երիտասարդներուն, որոնք այսօր կը փորձեն պայքարել անհաւասարութեան և բնապահպանական ճգնաժամի դէմ, կը փորձեն նպաստել բնիկ տնտեսութիւններուն, խաղաղութեան և պարենային անվտանգութեան, Սրբազան Պապը կ՛առաջարկէ հաշուի առնել «երկրի տնտեսութիւնը» և «ճանապարհորդութեան տնտեսութիւնը», այսինքն «հոգ տանիլ յարաբերութիւններուն, քաղաքներուն ուր կ՛ապրին, մեր արմատներին», ու նաև ամբողջ աշխարհին, որ պէտք է պաշտպանուի և որուն համար պարտաւոր ենք ըլլալ «խաղաղութեան կիներ ու այր մարդիկ»։

հոգ տանիլ հասարակաց տան

«Տնտեսութեամբ զբաղիլը կը նշանակէ հոգ տանիլ հասարակաց տան եւ այս մէկը կարելի չէ եթէ մեր աչքերը մարզուած չեն աշխարհը դիտելու արուարձաններէն» կը հաստատէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորելով նաեւ տեղ տալ կիներու հայեացքներուն` որոնք շատ աւելիով ուշադիր են իրականութեան։

Քահանայապետը կը խօսի ապա համապարփակ տնտեսութեան մը մասին, որ կը կատարուի «աղքատներուն համար եւ աղքատներուն հետ միասին», որպէսզի անոնք եւս դառնան գործունեայ դերակատարներ։

Կառուցել կամուրջներ

«Սիրելի երիտասարդներ, մի վախնաք լարուածութիւնէն եւ հակամարտութիւններէն, փորձեցէք զանոնք ապրիլ և մարդկայնացնել ամէն օր։ Ես ձեզի կը վստահիմ հասարակաց տան պաշտպանութիւնը և ճանապարհորդութեան քաջութիւնը», յարեց Քահանայապետը հրաւիրելով հաւաքին մասնակցող երիտասարդ տնտեսագէտները «բաց մնալու և վճռականութեամբ ու խանդավառութեամբ փնտռելու իրենց գործընկերները, եպիսկոպոսները, համաքաղաքացիները», բոլորը ներգրաւելով տնտեսութեան և ապագայի լուծումներ որոնելու գործին մէջ, խնդրելով «մնալ գործնականօրէն միասնական, գործառնական իսկական թեմաներու վրայ կառուցելով ցամաքամասերու միջեւ կամուրջներ, որոնք մարդկութիւնը վերջնականապէս դուրս բերեն գաղութատիրական դարաշրջանէն և անհաւասարութիւններէն»։

Քահանայապետը հուսկ պատգամը աւարտեց հրաւէր ուղղելով տիեզերական եղբայրութեան ի սպաս եւ « Economy of Francesco»ի հասարակութեան անդամները խրախուսեց` ըլլալու «Մարդկային համապարփակ զարգացումի ռահվիրաները` տնտեսական եւ գործարարական կեանքէն ներս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2023, 08:07