Որոնել

Հանրակառքի արկածը Հանրակառքի արկածը  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Մեսթրէ քաղաքին մէջ ողբերգական արկածի զոհերու համար

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անունով ցաւակցական հեռագիրը Վենետիկի Պատրիարք գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մորալիային։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին, Իտալիոյ Մեսթրէ քաղաքին մէջ մահացած են աւելի քան 21 անձեր, կամուրջէ մը զբօսաշրջիկներով լեցուն հանրակառքի մը իյնալու հետեւանքով։ Արկածը պատահած է վարորդին հիւանդութեան պատճառաւ։ Զոհերուն շարքին են 9 Ուքրանացի, 5 Ռոմանացի, 3 գերմանացի, երկու Փորթուկալցի, մէկ հարաւային Ափրիկէցի եւ մէկ Իտալացի քաղաքացիներ։

Հանրակառքի արկածի տխուր առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապեըին անունով ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Վենետիկի Պատրիարք, գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մորալիային, որուն մէջ Նորին Սրբութեան տխրութիւնը յայտնեց արկածի տխուր լուրին առիթով, որ պատճառար դարձաւ բազմաթիւ անձերու մահուան ի մէջ այլոց մանուկներուն։

Կարդինալ Փարոլին ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանջիսկոս Պապին մօտիկութիւնը ապահովուեց արկածի պատճառով մահացած ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ աղօթքը զոհերուն համար։

«Հայցելով Հաւատքի մխիթարութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրոջմէ կը խնդրէ շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներուն համար» նշուած է հեռագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 12:12