Որոնել

«Քոլտիրեթթի» հողագործներու մասնակիցները «Քոլտիրեթթի» հողագործներու մասնակիցները  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկէք չմոռնանք կերակուրէ զրկուածները ու ընտրենք ճիշդը եւ ոչ միայն օգտակարը»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղեց երկրագործական աշխարհի այր մարդոց եւ կանանց որուն մէջ ընդգծեց անոնց աշխատանքի արժէքն ու այն վտանգը, որ նոր արհեստավարժութեան խթանումը եւ շահոյթի որոնումը կը յանգեցնեն հողի շահագործման՝ մարդկութեան եւ բնութեան վրայ բացասական հետեւանքներով։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 15 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց «Villaggio Coldiretti» հաւաքի մասնակիցներուն, որոնք Հռոմի Circo Massimo շրջանին մէջ Իտալիոյ տարբեր մարզերէն ժամանած գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ձեռնարկուները, հաւաքուած էին ճանչցնելու համար կենսաբազմազանութեան եւ հողագործութեան կայունութեան իրազեկութիւնը, ձեւ մը որ հիմնուած է made in Italy որակի, երիտասարդ հողագործներու ձեռնարկատիրական ոգիի եւ նորարարութեան սահմաններուն վրայ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ եւ առաջ յանձնարարած է միշտ յիշել բոլոր անոնք ,որոնք զուրկ են անհրաժեշտ ուտելիքէն կշտանալու համար։

Գիւղատնտեսական աշխատանքը, որպէս Աստուծոյ ծրագիրի մասնակցութիւն

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշած է Mater et Magistra, շրջաբերականը, որուն մէջ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը ընդծգած է հողագործի աշխատանքի արժէքը՝ մարդ անհատին համապարափակ զարգացման ի սպաս, ըլլալ անհատական եւ ըլլայ հասարակաց մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ իբր «մասնակցութիւն պատմութեան մէջ Աստուծոյ նախախնամութեան ծրագիրին իրագործման»։

Մարդկային անձին տրուած հողը մշակելու եւ պահպանելու պարտականութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշած է, որ Ծննդոց գիրքին մէջ յայտնի է ան երեւոյթը, որ հողագործութեան աշխատանքի միջոցաւ մարդ էակը կրնայ «Արարչագործութեան մէջ ճանչնալ մարդուն հետ Աստուծոյ ուխտի նշանը։ Աստուած մարդուն յանձնեց հրաշալի պարտէզը, որպէսզի խնամք տանի ու պահպանէ զայն նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ։

Հողի հետ վատ վերաբերմունքը մեծ գին կը պահանջէ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ դիտել տուած է, որ Աւետարանին մէջ, աւելի յստակ կը դառնայ Աստուծոյ այն պատուիրանին իմաստը, որ կը գտնուի Ծննդոց գիրքին մէջ՝ տիրել աշխարհի վրայ, որովհետեւ անոր մէջ գերիշխանութիւնը տեսնուած է սիրոյ տրամաբանութեան մէջ, որ ծառայութիւն կը դառնայ եւ վկայուած է «Խաչեալ եւ Յարուցեալ Տիրոջ կողմէ»։ Այսօր նկատել տուած է Սրբազան Հայրը նոր արհեստավարժութեան միջոցաւ, մարդիկ կ՝օգտագործեն իրենց իշխանութիւնը, « յաճախ ստիպելով երկիրը որ պտուղ տայ, սակայն բնութեան վճարած գինը շատ բարձր է։»

Շօշափելի գործերով արմատախիլ ընկել անարդարութիւնը

Բնութեան համար նաեւ մարդկութիւնը կը տառապի կլիմային փոփոխութեան հետեւանքներուն դիմաց, յատուկէն աղքատները, որոնք վտանգուած են օրուան հացը չգտնելու։ Այս առումով Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝աւարտէ կոչ ընելով ընտրանքներ կատարելու, աշխարհի ողջ բնակչութեան կերակուր ապահովուելու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2023, 11:10