Որոնել

Պահրէյնի մէջ տիրամօր նուիրուած տաճարը Պահրէյնի մէջ տիրամօր նուիրուած տաճարը 

Արապիոյ մէջ յոբելինական սուրբ տարի սուրբ Արէթայի նահատակութեան 1500 ամեակի առթիւ

Կաթողիկէ եկեղեցին, Արաբական թերակղզիին մէջ կը նշէ Սուրբ Արէթայի ու անոր նահատակ ընկերներուն մարտիրոսութեան 1500 տարեդարձը
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ լիակատար ներում կը շնորհէ Սուրբ Արէթայի ու անոր նահատակ ընկերներուն մարտիրոսութեան 1500 տարեդարձին առթիւ։

Կաթողիկէ եկեղեցին Արաբական թերակղզիին մէջ կը նշէ Սուրբ Արէթայի ու անոր նահատակ ընկերներուն մարտիրոսութեան 1500 տարեդարձը, որոնք սպաննուեցան Արաբիայի Նաճրան քաղաքին մէջ՝ 523 թուականին նախաիսլամական դարաշրջանին։

Տօնակատարելու համար այս պատմական տարեդարձը, հիւսիսային եւ հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդութիւններուն մէջ յայտարարուեցաւ 24 հոկտեմբերէն մինչեւ 23 հոկտեմբեր 2024 արտասովոր յոբելեան տարին, շնորհիւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ներման հրամանագիրին։

Սուրբ Դուռերուն բացումը

Յառաջիկայ 4 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11ին, Պահրէյնի Արաբիոյ Ավալի Տիրամօր տաճարին մէջ, Հիւսիսային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ, Գերապայծառ Ալտօ Պերարտիին նախագահութեամբ կը մատուցուի յոբելինական Սուրբ Տարուան բացումի Պատարագը, ֆրանչիսկոս Պապին Պահրէյն կատարած ճամբորդութենէ ճիշդ մէկ տարի ետք ։ Պատարագէն առաջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Դրան բացումին արարողութիւնը։

9 նոյեմբերին,տեղական ժամով 11ին, Հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ գերապայծառ Փաուլօ Մարթինելլի, Ապու Տապիի Սուրբ Յովսէփ անուան տաճարին մէջ կը նախագահէ Յոբելինական Սուրբ Տարուան բացումի պատարագին։ Նոյեմբերին նախատեսուած է որ Պահրէյն հասնի Սուրբ Արեթային մասունքը, որպէս պարգեւ Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքին։

Սուրբ Արթեան

Սուրբ Արեթան ծնած է 427-ին, ան կառավարիչն է Նաժրան Քրիստոնեայ հին քաղաքին հարաւային Արաբիոյ մէջ։ Կը պատմուի թէ Հիմյարի թագաւորը Տու Նուվասը հրեայ դառնալով հրամայած է հալածանքի ենթարկել քրիստոնեաները սպաննելով զանոնք, այրելով եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ ստիպելով դարձի գալ,։

Տու Նուվաս թագաւորը Նաժրան քաղաքը գրաւելէ ետք հրամայած է որ քահանաները, սարկաւագները, մայրապետներն ու աշխարականները նետուին փոսի մը մէջ։ 95 ամեայ Սուրբ Արէթան ու հարիւրաւոր քրիստոնեաները գլխատուած են 523 թուականին։ Աւելի քան 4 հազար անձեր նահատակուած են Քրիստոսի նկատմամբ ունեցած իրենց հաստատ հաւատքին համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2023, 12:40