Որոնել

Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան աթոռը Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան աթոռը 

Ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Ռուփնիքի հարցը կը յանձնէ Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան դատավարութիւնը բանալու համար

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Հայր Մարքօ Ռուփնիքի հարցին վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը կարդանք, թէ անցեալ Սեպտեմբեր ամիս, անչափահասներուն պաշտպանութեան Քայանայապետական յանձնաժողովը Ֆրանչիսկոս Պապին զրուցած է Հայր Մարքօ Ռուփնիքի հարցը կառավարելու ծանր խնդիրներու ինչպէս նաեւ զոհերուն հետ մօտիկութեան պակասի մասին։ Հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութենէն խնդրեց որ քննարկէ այդ հարցը ու դատավարութեան յանձնէ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորագրութեան մէջ կը նշուի «Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատապէս համոզուած է, որ եթէ կայ բան մը որ եկեղեցին պէտք է Սիւնդհոդոսէն սորվիլ դա ուշադրութեամբ եւ կարեկցութեամբ ունկնդրել է անոնց որոնք կը տառապին, յատուկէն անոնց որոնք եկեղեցիէն մեկուսացուած կը զգան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2023, 14:44