Որոնել

Կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուսը Կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուսը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը ծագումով բնիկ ժողովուրդներէն առաջին ծիրանաւորը

Կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուսի մահուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական գիր յղեց Ռանքի թեմի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ֆէլիքս Թոփփոյին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

4 հոկտեմբեր, 2023ին, իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուսը, որ տարիքի բերումով կը գտնուէր Հնդկաստանի մէջ Ռանքի թեմի պատկանող Constant Lievenz Hospital & Research Center հիւանդնանոցին մէջ։
«1939 թուականին ծնած 84 ամեայ կարդինալը երկար ժամանակէ ի վեր հիւանդութեան պատճառաւ կը գտնուէր անկողինին մէջ։

Այսօր՝ 5 հոկտեմբերին, կարդինալ Թելեսֆոր Փլաչիտուսի մահուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական գիր յղեց Ռանքի թեմի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ֆէլիքս Թոփփոյին, որուն մէջ իր տխրութիւնը յայտնելով կարդինալին մահուան համար, իր ցաւակցութիւնները ցաւակցութիւնները փոխանցեց, Ռանքի թեմի արքեպիսկոպոսին, կղերական դասին, կրօնաւորներուն ու հաւատացեալներուն։

Ապահովուելով իր աղօթքը կարդինալին հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար, Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց վախճանեալ ծիրանաւորին մատուցած ծառայութիւնները, ըլլայ որպէս քահանայ, ըլլայ որպէս արքեպիսկոպոս, Ռանքի թեմի տեղական եկեղեցիներէն ներս, ինչպէս նաեւ սատարած նպաստին ի սպաս Հնդկաստանի մէջ եկեղեցիներուն եւ Առաքելական Աթոռին։

«Անոր ծառայութիւնը միշտ բնորոշուեցաւ աւետարանը տարածելու, Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդութեան եռանդով եւ վեհանձն հովուական ծառայութեան խնամքով աղքատներու եւ կարիքաւորներու նկատմամբ», գրեց Սրբազան Հայրը ցաւակցական գիրին մէջ աւելցնելով «Բոլոր անոնց որոնք կը ողբան Կարդինալ Թոփփոյի մահուան համար՝ Յարութեան յոյսի վստահութեամբ, սրտանց կը փոխանցեմ իր օրհնութիւնս, որպէս Տիրոջ մէջ խաղաղութեան եւ մխիթարութեան նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2023, 14:13