Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթքի պահ գաղթականներուն և փախստականներուն համար

Աղօթքին առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը` զոր կեդրոնացուց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած Բարի Սամարացիի առակին վրայ` (Ղուկ. 10,25-37) նշելով` որ անիկա բանալին է փակ աշխարհէն մը դէպի բաց աշխարհ անցնելու համար` պատերազմի աշխարհէ մը խաղաղութեան աշխարհի անցնելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 19 հոկտեմբերի երեկոյեան սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ զետեղեուած գաղթականներուն նուիրուած յուշակոթոյին մօտ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց գաղթականներն և փախստականներն յիշատակող աղօթքի պահը, որուն մասնակցեցան նաեւ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակցողները։

Աղօթքին առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը` զոր կեդրոնացուց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած Բարի Սամարացիի առակին վրայ` (Ղուկ. 10,25-37) նշելով` որ անիկա բանալին է փակ աշխարհէն մը դէպի բաց աշխարհ անցնելու համար` պատերազմի աշխարհէ մը խաղաղութեան աշխարհի անցնելու։

Բարի Սամարացիին առակը եւ այսօրուայ գաղթականները

«Մենք այսօր այս առակը ունկնդրեցինք մտաբերելով գաղթականները, որոնք պատկերացուած են այս մեծ քանդակին մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ այսօր եւս կան բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք կը գտնուին առակին մէջ պատմուած աւազակներու ձեռքը ինկած մարդուն իրավիճակին մէջ։

«Մարդիկ` որոնք կը կողոպտուին, անբարեխիղճ մարդավաճառներու ձեռքերուն մէջ կ՛իյնան, կ՛առեւանգուին, բանտարկութեան կ՛ենթարկուին, կը շահագործուին ու ստրուկներ կը դառնան։ Անոնք կը խոշտանգուին, կը բռնաբարուին ու նուաստացումի կ՛ենթարկուին։ Շատեր կը մեկնին բայց կը մահանան առանց հասնելու նպատակակէտ», ըսաւ ի միջի ալոց Սրբազան Պապը նշելով` որ «Մեր ժամանակներու գաղթի ճանապարհները բնակեցուած են վիրաւոր ու կիսամեռ մնացած մարդոցմով ու կիներով , եղբայրներով ու քոյրերով, որոնց ցաւը` առ Աստուած կ՛աղաղակէ։ Անոնք անձեր են, որոնք յաճախ կը փախչին պատերազմներէ ու ահաբեկչութիւններէ, ինչպէս, ցաւօք, կը տեսնենք այս օրերուն»:

Անտարբերութիւնն ու եսասիրութիւնը

Այսօր եւս կան ոմանք` որոնք կը տեսնեն բայց կ՛անցնին կ՛երթան, եսասիրութեան ու անտարբերութեան կամ վախի պատրուակով։ Աւետարանը սակայն այսօր մեզի կը ներկայացնէ սամարացին, որ տեսնելով վիրաւոր մարդը անոր կը կարեկցի։ Աստուծոյ ոճը` մօտիկութիւն, կարեկցութիւն ու քնքշութիւն է։ Եւ կարեկցութիւնը մեր սրտին մէջ Աստուծոյ դրոշմն է։ Անիկա է բանալին։ Այդ օրէն այդ կիսամեռ մարդուն կեանքը կը սկսի վերականգնիլ, շնորհիւ այդ օտարականին, որ անոր հետ վարուեցաւ որպէս եղբայր։ «Այդ արարքին պտուղը եղբայրութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով Բարի Սամարացիի նման մենք ալ մօտիկ ըլլալու այսօրուայ բոլոր ճամբորդներուն, փրկելու համար անոնց կեանքը, խնամելու անոնց վէրքերը, սփոփելու անոնց ցաւը։

«Թէեւ շատերուն համար շատ ուշ է ու մեզի կը մնայ միայն լալ անոնց գերեզմաններուն վրայ, եթէ անոնք գերեզման մը ունենան» նկատել տուաւ Քահանայապետը, ապա շարունակելով մեկնաբանել Բարի Սամարացիին առակը ընդգծեց` թէ ինչպէս ան ոչ միայն օգնութեան հասաւ այդ վիրաւոր կիսամեռ մարդուն, այլ շալկեց իր գրաստին վրայ դրաւ եւ տարաւ պանդոկ եւ հոն դարմանեց։

Ընկալել, պաշտպանել, խթանել ու ընդելուզել

Սրբազան Պապը ակնարկեց առակէն ի յայտ եկած չորս բայերուն` ընկալել, պաշտպանել, խթանել ու ընդելուզել, որոնք «կ՛ամփոփեն գաղթականներու նկատմամբ մեր գործունէութիւնը»։

«Այս մէկը երկարաժամկէտ պատասխանատուութիւն մըն է», ըսաւ Սրբազան Պապը, կարեւոր նկատելով լաւապէս պատրաստուիլ այսօրուայ գաղթականութեան մարտահրաւէրներուն, հասկնալով ըլլայ ճգնաժամային դրոյթները, ըլլայ հնարաւորութիւնները, ի տես աւելի ներառական, աւելի գեղեցիկ, աւելի խաղաղ հասարակութիւններու աճին» ըսաւ Ան, հուսկ ընդգծեց այլ մէկ հրատապութիւն մը` որ շօշափուած չէ առակին մէջ։

Անվտանգ ճանապարհներ

«Մենք պէտք է բոլորս յանձնառու ըլլանք աւելի ապահով դարձնելու համար ճանապարհը, որպէսզի այսօրուայ ճանապարհորդները աւազակներու զոհ չդառնան։ Անհրաժեշտ է կրկնապատկել ջանքերը պայքարելու համար ոճրային ցանցերու դէմ, որոնք կը շահագործեն գաղթականներուն երազները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով «ապահով գաղթականութեան խողովակներ» ու «աւելի ապահով ճանապարհներ» ցոյց տալու հարկաւորութիւնը։

«Ընկալել, պաշտպանել, խթանել ու ընդելուզել` այս պէտք է ըլլայ մեր աշխատանքը» հաստատեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով «Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը, որ մօտիկ դառնանք բոլոր գաղթականներուն ու փախստականներուն» ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով պահ մը լռելեան աղօթք կատարել, յիշելով բոլոր անոնք` որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին գաղթականութեան տարբեր ճանապարհներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2023, 19:45