Որոնել

Մեքսիքոյ Աքափուլօ քաղաքին մէջ ծանր բնական աղէտ Մեքսիքոյ Աքափուլօ քաղաքին մէջ ծանր բնական աղէտ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ տխրութեամբ ստացաւ Մեքսիքոյի մէջ ծանր փոթորիկի լուրը

Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Աքափուլքոյի թեմի արքեպիսկոպոսին։

Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Մեքսիքոյի Աքափուլքօ թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Լէոփոլտօ Կոնզալէզ կոնզալէզին, Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցած ծանր փոթորիկի ի լուր։

Նամակին մէջ կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին խոր ցաւը փոխանցեց բնական աղէտին լուրին համար, որուն հետեւանքով մահացան եւ վիրաւորուեցան բազմաթիւ անձեր ինչպէս նաեւ արձանագրուեցաւ նիւթական վնասներ։

Կարդինալ Փարոլին նամակին մէջ նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթքէ զոհերուն հոգիներուն յաւիտենական հանգստեան ու Տիրոջմէ կը հայցէ որ մխիթարութիւն շնորհէ փոթորիկի թիրախ անձերուն, մաղթելով որ Համայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը եղբայրասիրութեան հոգիով համագործակցին կառուցելու համար բնական աղէտէն կործանուած վայրերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն եւ հոգեւոր մօտիկութիւն կը փոխանցէ վիրաւորներուն եւ Աքափուլքօ թեմի սիրելի ժողովուրդին փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը որպէս յարուցեալ Քրիստոսին մէջ հաւատքի եւ յոյսի նշան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2023, 15:13