Որոնել

Il Papa in piazza per l'udienza generale, 5 bambini sulla 'jeep'

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Մանկութեան Քահանայապետական ընկերութեան հիմնադրութեան 180րդ տարեդարձին առիթով

«Անիկա Քահանայապետական Ընկերութիւն է, այսինքն տիեզերական, եւ ասոր համար ձեզ կը նկատեմ իմ յատուկ համագործակիցներս» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը յանձնարարելով զանոնք` ըլլալու նաեւ, «Քրիստոսի նմանութեամբ յարաբերութիւններու կամուրջներ կառուցողները»։

Կիրակի մէկ հոկտեմբերին հրապարակուեցաւ Սուրբ Մանկութեան Քահանայապետական ընկերութեան հիմնադրութեան 180րդ տարեդարձին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերութեան անդամներուն, մանուկներուն, պատանիներուն, ծնողներուն ու դաստիարակներուն ուղղած պատգամը։

Ընկերութիւնը հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ անցեալ 19 մայիսին ինչպէս կը յայտնէ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ակնարկելով Ֆրանսական Նանսի քաղաքի երբեմնի եպիսկոպոս Շարլ տը Ֆրոպըն Ժանսոնի որ 1843ին իմանալով թէ Չինաստանի մէջ բազմաթիւ մանուկները կը մահանային անօթութեան ու լքումի պատճառաւ իր մէջ արթնցաւ մտահոգութիւնը զանոնք փրկելու ոչ միայն ֆիզիկական գետնի վրայ այլեւ հոգեկան, «որովհետեւ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին մեռաւ ու յարութիւնը առաւ բոլորի փրկութեան համար» կը գրէ Քահանայապետը պատգամին մէջ ապա կը հրաւէր Գերապայծառ Շարլ տը Ֆրոպըն Ժանսոնի առաքելական կիրքէն քաղել կարեւոր դասեր որոնցմէ առաջինը ուրիշներու փրկութեամբ մտահոգուիլն է։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ այս տարի յիշատակուող Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 150 ամեակին, որ անդամ եղած է Քահանայապետական վերոնշեալ ընկերութեան ու առաքութիւններու պաշտպան սրբուհին է, յայտնելով` որ այսօր կը յիշատակուի անոր ծիսական տօնը եւ անորմէ եւս կ՛ուզենք քաղել դաս մը` «Աղօթքով, նոյնիսկ եթէ փոքր ենք, կարող ենք սատարել Յիսուսը ճանչցնելու ու սիրելու գործին, լռութեամբ, ուրիշներուն օգնելով բարիք ընել», գրեց Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց` թէ այնպէս ինչպէս Սրբուհի Թերեզան կը սորվեցնէ «աղօթքը միսիոներութեան առաջին արարքն է եւ կարող է հասնիլ աշխարհիս բոլոր ծայրերը»։

«Ասոր համար, շարունակեց Ան, կը հրաւիրեմ ձեզ աճելու անոր միջոցաւ, Փրկիչին հետ բարեկամութեան մէջ ու նաեւ ձեր միջեւ ու համայն աշխարհի մանուկներուն միջեւ բարեկամութեամբ, որպէսզի ըլլաք խաղաղութեան գործիչներ»։

Քահանայապետը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց միսիոնար պատանիներուն Աւետարանին տուած իրենց վկայութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց ծնողաց ու դաստիարակներուն, որոնք իրենց կը հետեւին խթանելով Սուրբ Մանկութեան Ընկերութեան հոգեւորականութիւնն ու խարիզմը»։

«Անիկա Քահանայապետական Ընկերութիւն է, այսինքն տիեզերական, եւ ասոր համար ձեզ կը նկատեմ իմ յատուկ համագործակիցներս» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը յանձնարարելով զանոնք` ըլլալու նաեւ, «Քրիստոսի նմանութեամբ յարաբերութիւններու կամուրջներ կառուցողները»։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց Գերապայծառ Տը Ֆորպըն Ժանսոնի խօսքերով. «Մանուկները կ՛աղօթեն մանուկներուն համար, մանուկները կ՛աւետարանէն մանուկները, մանուկները կ՛օգնեն մանուկներուն»։

«Տէրը օրհնէ ձեզ ու ձեզի ընկերանայ եւ կը խնդրեմ մի մոռնաք ինծի համար ալ աղօթել» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2023, 12:11