Որոնել

2023.10.16 VI Congresso Missionario Argentina

Այրուող սրտեր, ուղեւորութեան մէջ ոտքեր (Ղուկաս 24.13-35)` Միսիոներութեան Համաշխարհային 97րդ օր։

2023ի Միսիոներութեան 97րդ Համաշխարհային օրը կը յիշատակուի միսիոներութեան նուիրուած ամսուայ ընթացքին` Կիրակի 22 Հոկտեմբերին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վարկեան

«Այրուող սրտեր, ուղեւորութեան մէջ ոտքեր» այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս տարուայ Միսիոներութեան Համաշխարհային օրուան համար ընտրած նիւթը, որ ներշնչուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ պատմուած ` Եմմաւուսի աշակերտներու դրուագէն։ Անոնք արդարեւ ուղեւորութեան ընթացքին կը հանդիպին յարուցեալ Տիրոջ ու այդ հանդիպումը անոնց սրտերը կ'ոգեւորէ ու զանոնք կը մղէ աւետելու Յիսուսին յարութիւնը։

2023ի Միսիոներութեան 97րդ Համաշխարհային օրը կը յիշատակուի միսիոներութեան նուիրուած ամսուայ ընթացքին` Կիրակի 22 Հոկտեմբերին։

«Այս տարուայ` որպէս նիւթ ընտրեցի Եմմաւուսի Աշակերտներուն դրուագը» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը նշելով, թէ ինչպէս այդ երկու աշակերտները կը գտնուէին յուսախաբ ու շփոթութեան իրավիճակի մը մէջ` բայց «Յիսուսին հետ անոնց հանդիպումը ու անոր հետ բեկանուած հացը անոնց մէջ կ՛ արթնցնէ խանդավառութիւնը, որպէսզի դարձեալ ուղեւորութեան մէջ դնեն իրենք զիրենք դէպի Երուսաղէմ ու աւետեն` որ Տէրը իրապէս յարութիւն առաւ»։

«Աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք այդ աշակերտներուն կերպարանափոխումը մեկնելով մի քանի ուշագրաւ պատկերներէ` վառուող սրտեր, բաց աչքեր` որով կը ճանչնան Յիսուսը, եւ որպէս գագաթնակէտ` ուղեւորութեան մէջ քայլեր», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ու ասկէ մեկնելով կը մեկնաբանէ աւետարնական հատուածը, ցոյց տալով առաքելութեան երեք հանգրուանները` «Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութիւնը, Քրիստոսին հետ հանդիպումը բեկանուած հացին մէջ, եւ նորայայտ ոգևորութիւն՝ դարձեալ ուղեւորութեան մէջ դրուելու»։

Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութիւնը եւ Քրիստոսին հետ հանդիպումը

«Աստուծոյ Խօսքը կը լուսաւորէ եւ կը փոխէ միսիոներութեան սիրտը» կը կարդանք պատգամին մէջ, «Այսօր նման այդ ժամանակներուն, յարուցեալ Տէրը մօտիկ է իր միսիոներ աշակերտներուն եւ կը քալէ անոնց մօտ, մասնաւորապէս երբ անոնք իրենք զիրենք մոլորած, յուսախաբ, վրդոված կը զգան»....«Իւրաքանչիւր միսիոնար աշակերտ կոչուած է դառնալու Յիսուսի նման` բեկանելու հացը Քրիստոսի անունով, զայն կիսելով անօթիներու հետ» կը գրէ ապա Քահանայապետը ընդգծելով` որ այս մէկը «գերազանցապէս միսիոներական գործողութիւն է»։

Դէպի դուրս Եկեղեցի

«Մարդկութիւնը պէտք ունի հացի, զօրակցութեան ու յոյսի» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով միսիոներութեան երրորդ հանգրուանին, որ է «միշտ դէպի դուրս Եկեղեցի մը», եւ ասկէ մեկնելով դիտել կու տայ, որ «առաքելութեան առաջին և հիմնական կենսամիջոցը անոնք են, որոնք կը ճանչնան յարութիւն առած Քրիստոսը, Սուրբ Գրութիւններուն և Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, և որոնք կը կրեն Անոր կրակը` իրենց սրտերուն մէջ և անոր լոյսը` իրենց հայեացքներուն մէջ»:

Սիւնհոդոսական ուղեւորութիւն

Երրորդ հազարամեակի մարդկութիւնը, «վիրաւորուած այսքան անարդարութիւններէ, պառակտումներէ և պատերազմներէ, կարիքն ունի Քրիստոսի մէջ խաղաղութեան և փրկութեան աւետիսին» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կը յիշեցնէ տիեզերական Եկեղեցւոյ ներկայի ուղեւորութիւնը. նշելով` որ  միսիոներական գործողութեան հրատապութիւնը կ՛ենթադրէ «ամէն մակարդակի վրայ բոլոր անդամներու աւելի սերտ միսիոներական համագործակցութիւն»: Անիկա «սիւնհոդոսական ուղեւորութեան էական նպատակն է, զոր Եկեղեցին այսօր կը ձեռնարկէ հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն» հիմնաբառերով» կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ինչպէս Էմմաւուսի աշակերտները, Եկեղեցին ալ կը շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը, քանի` որ անոր առաքելութիւնը աշխարհի ճանապարհներուն վրայ է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2023, 13:45