Որոնել

2023.10.06 copertina libro   "Santi, non mondani. La grazia di Dio ci salva dalla corruzione interiore"

Լոյս տեսաւ «Սուրբեր, ոչ աշխարհիկներ» վերտառութեամբ Քահանայապետին գրութիւնները պարունակող հատորը

Հատորին մէջ ամփոփուած են Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի երկու միջամտութիւններ` մէկը հրատարակուած 1991-ին «Կաշառակերութիւն ու մեղք» վերտառութեամբ եւ միւսը 2023ին` Հռոմի Թեմի քահանաներուն Քահանայապետին ուղղած նամակը։ Նախաբանը եւս կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորգարութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` ուրբաթ 6 հոկտեմբերին Վատիկանի Հրատարակչատունը ի լոյս ընծայեց «Սուրբեր, ոչ աշխարհիկներ: Աստուծոյ շնորհքը մեզ կը փրկէ ներքին ապականութենէն» վերտառութեամբ հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի երկու միջամտութիւններ` մէկը հրատարակուած 1991-ին «Կաշառակերութիւն ու մեղք» վերտառութեամբ, որ վերահրատարակուեցաւ նաեւ 2005 թուականին երբ Մարիօ Պերկոլիոն Պուէնըս Այտէսի Արքեպիսկոպոս էր իսկ միւսը` Հռոմի Թեմի քահանաներուն Քահանայապետին ուղղած նամակը, որ տարածուեցաւ 5 օգոստոս 2023ին։

Պայքարիլ Հոգեւոր աշխարհիկութեան դէմ

Հատորին նախաբանը եւս կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորգարութիւնը, որուն մէջ Ան կը նշէ` թէ «հատորը տպագրելու մտադրութիւնը պայմանաւորուած է ստոյգ մէկ պատճառով. «Մտահոգութիւնը, որ ես կը զգամ, որպէս Աստուծոյ կողմէն ողջ եկեղեցւոյ ուղղուած ուժեղ կոչ՝ զգօն մնալու և աղօթքի ուժով պայքարելու ցանկացած հոգևոր աշխարհիկութեան յանձնուելու դէմ։»:

Նախաբանին մէջ Սրբազան Պապը ի միջի այլոց կը հաստատէ, որ «Քրիստոնէական հաւատքը պայքար է, ներքին մարտ մը` յաղթահարելու համար մեր «այոյին» մէջ փակումին փորձութիւնը ու թոյլ տալու բնակեցուիլ Հօր մը սիրով, որ մեր երջանկութիւնը կը բաղձայ....պայքարը զոր կը մղենք` որպէս Յիսուսին հետեւորդներ, պայքար է հոգեւոր աշխարհիկութեան դէմ» կը նշէ Ան հրաւիրելով պայքարիլ, այն վստահութեամբ, որ այդ պայքարը անյոյս չէ ու թէ «անիկայ ունի յաղթող մը ` Յիսուս, Ան` որ իր մահով յաղթեց մեղքին եւ իր յարութեամբ մեզի կարելիութիւն ընծայեց նոր մարդ դառնալու»։

Խաչը

«Յիսուսին յաղթանակը ունի անուն մը` խաչը» կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «Յիսուս մեզ սիրեց մինչեւ վերջ» ու թէ այդ խաչին վրայ «անոր բազուկները բաց են նաեւ վերջին մեղաւորին դիմաց»։

«Այս յաւիտենական սէրը կը հարցաքննէ եւ կը կողմնորոշէ քրիստոնեային ճանապարհը ու նոյնինքն Եկեղեցին։ Յիսուսին խաչը կը դառնայ իւրաքանչիւր հաւատքի ընտրութեան չափանիշը» կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով աշխարհիկութեան սպառնալիքէն եւ խրախուսելով քալել սրբութեան ճանապարհին վրայ` որ «Յիսուսի խաչին կապուած մնալու անդադար, անխոնջ ցանկութիւնն է»։

Քալել սրբութեան ճանապարհին վրայ

Քահանայապետը նախաբանը կ՛աւարտէ նշելով` թէ ինք այս հատորը կը նուիրէ ընթերցողներուն, որպէս առիթ խորհրդածութեան` անձնական ու եկեղեցւոյ կեանքի մասին, այն համոզումով, որ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ ըլլալ բաց իր Նորութիւններուն, կը խնդրէ ըլլալ հետաքրքրիր եւ ոչ բաւարարուած, միշտ փնտռտուքի մէջ և ոչ տեղադրուած անթափանցկութեան մէջ, ոչ կեղծ ապահովութիւններու մէջ, այլ ուղեւորութեան մէջ դէպի սրբութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 15:30