Որոնել

2023.10.02 Partecipanti al Capitolo Generale delle Piccole Sorelle di Gesu'

Որոնել Աստուած՝ զարգացնելով Անոր ունկնդրելու ունակութիւնը․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Յիսուսի փոքրիկ քոյրեր» միաբանութեան անդամները՝ Ընդհանրական ժողովի առթիւ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 2 Հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճի մէջ ընդունեց «Յիսուսի փոքրիկ քոյրեր» միաբանութեան անդամները, որոնք Հռոմի մէջ Սեպտեմբերին գումարած էին իրենց ԻԲ Ընդհանրական ժողովը։

Այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոյի՝ «Աստուծոյ որոնման, Աւետարանի վկայութեան եւ թաքնուած կեանքի հանդէպ սիրոյ շնորհապարգեւային փորձառութեան» եւ այս երեք «օգտակար ուղեցոյցներու» շուրջ կառուցեց Իր պատգամը։

Աստուծոյ որոնումը

Առաջին ուղեցոյցը` Աստուծոյ որոնումը։ Սրբազան Քահանայապետի բնորոշմամբ, ամենակարեւորն է, ուստի յորդորեց այդ մէկը ընել՝ զարգացնելով Անոր ունկնդրելու ունակութիւնը, ինչպէս Եղբայր Շարլը կ՛ընէր, Անոր ոտքերուն տակ երկրպագութեամբ։ Այսպիսով սիրտերը կը բացուին Աստուծոյ ճանապարհներու համար, Աստուծոյ, որ «բռնութիւն չընէր մարդկանց նկատմամբ, այլ կը ներշնչէ հաւանութեան, պատրաստակամութեան եւ ծառայութեան ստեղծագործ մտքեր և զգացմունքներ»։

Վկայել Աւետարանը

Երկրորդ ուղեցոյցն է՝ Աւետարանի վկայութիւնը, որ «ի սկզբանէ կը բնութագրէ ձեզ», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, այսինքն՝ Աւետարանը ուրիշներուն նուէր ընել խօսքերով, բարեգործութիւններով եւ ձեր միջազգային փոքրիկ համայնքներու եղբայրական, աղօթող եւ պաշտամունքային ներկայութեամբ:

Յղում կատարելով ապա Շարլ Տէ Ֆուքոյի խօսքերուն` թէ «Բաւական չէ տալ անոր, որ կը խնդրէ, հարկաւոր է տալ անոր, որ կարիք ունի», Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ ճիշտ այս ուրիշներու մասին հոգ տանիլը՝ չսպասելով, որ խնդրեն՝ վերջիններու նկատմամբ ձեր հոգատար մօտիկութեան բնորոշ գիծերէն մին է, որ շատ արժէքաւոր է այնպիսի հասարակութեան մէջ, ինչպիսին մերն է, ուր չնայած միջոցներու առատութեան, բարի գործերը բազմապատկելու փոխարէն կարծես կը կարծրանան եւ կը գոցուին սիրտերը», յարեց Ան։

Սէր՝ թաքնուած կեանքի հանդէպ

Երրորդ ուղեցոյցին անդրադառնալով Սրբազան Հայրը նշեց, որ ատիկա «Մարմնաւորման ճանապարհն է, Նազարէթի ճանապարհը, Աստուծոյ կողմէ մատնանշուածը եւ կրկին մէջբերեց Հայր Տը Ֆուքոյի խօսքերը․ «Կ’ուզեմ անյայտ կերպով անցնիլ երկրի վրայով, ինչպէս գիշերուայ ճամբորդ մը, աղքատաբար, աշխատասիրաբար, խոնարհաբար, քաղցրաբար… լիովին ընդօրինակելով Յիսուսին Նազարէթի մէջ իր կեանքին մէջ եւ, երբ ժամանակը գայ, Անոր Ճանապարհ Խաչի եւ Անոր մահուան մէջ» (Հոգևոր գործեր):

Նորին Սրբութիւնը ասկէ մեկնելով ընդգծեց նաեւ, որ «Թաքնուելու ճանապարհը Աստուծոյ ճանապարհն է, շարունակեցէք մշակել զայն, անիկայ հզօր մարգարէութիւն է՝ երեւնալէն եւ ցուցամոլութենէն ապականած մեր ժամանակներուն համար: Կը թուի թէ երեւնալու եւ արտաքինի հանդէպ այս մտահոգութեան պատճառով մենք կ’ապրինք «դիմայարդարման» մշակոյթ։ (․․․) Բոլորը կը շպարուին աւելի լաւը երեւնալու համար, ատիկա Տիրոջը չպատկաներ», յարեց Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնեց ներկաները՝ խնդրելով, որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2023, 11:49